Ջալալ Յարութիւնեանին Շնորհուած է «Արցախի Հերոս» Բարձրագոյն Կոչում

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Արցախի Հանրապետութեանը մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար զօրավար-հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանին շնորհած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում:

«Սա առաջին հերթին մեր բանակի հերոսական պայքարի գնահատականն է. այն պայքարի, որ, պատերազմի առաջին իսկ օրէն սկսած, կը մղեն թէ՛ հրամանատարներու կազմը, թէ՛ բոլոր ստորաբաժանումները` ցուցաբերելով աշխարհի ամենաբարձր արհեստավարժութիւնն ու նուիրուածութիւնը: Ջալալ Յարութիւնեանը մեր հերոսն է, եւ անոր օրինակով մենք պէտք է սերունդներ դաստիարակենք: Շնորհակալութիւն, պարոն զօրավար: Պատի՛ւ ունիմ»է,- յայտարարած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ Ջալալ Յարութիւնեանի առողջութիւնը, բժիշկներու հաւաստմամբ, շուտով կը վերականգնուի: Ան ապաքինման փուլի մէջ է եւ շուտով պիտի միանայ ծառայակից ընկերներուն:  «Համոզուած եմ` հրամանատարի հարուստ փորձն ու գիտելիքները դեռ երկար պիտի ծառայեն մեր Հայրենիքին»,-ընդգծած է Արցախի նախագահը: 

Ջալալ Յարութիւնեան վիրաւորուած է մարտական դիրքի մէջ: Ան Հոկտեմբեր 27-ին ազատուած էր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն: