Զար­թի´ր­ Որ­դեակ. Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազատ Օր»

Զար­թի´ր­ որ­դեակ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, պա­տե­րազ­մի փողն հնչեց։ ­Քու հայ­րե­նիքդ՝ ­Հա­յաս­տան աշ­խարհն ու ան­բա­ժան Ար­ցա­խը, ի­րենց ճա­կա­տա­գի­րը ճշդո­րո­շող պա­տե­րազ­մը կը մղեն։

Մեր թշնա­մին նոյնն է՝ թուր­քը։ Ա­նոր նպա­տա­կը եւս նոյնն է։ Ա­նոր կողմ­նա­կից պե­տու­թիւն­ներն ան­գամ տա­կա­ւին նոյնն են։ Ինչ­պէս 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ, ներ­կա­յիս եւս մեր թշնա­միին բա­րե­կամ պե­տու­թիւն­նե­րը կը կի­րար­կեն տնտե­սա­կան շա­հի վրայ հիմ­նո­ւած ի­րենց միեւ­նոյն վատ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Պատ­մու­թիւ­նը ինք­զինք կը կրկնէ։ ­Ժա­մա­նակ­նե­րու միակ փո­փո­խու­թիւ­նը, մեր թշնա­միին ու­նե­ցած ռազ­մա­կան նո­րա­ձեւ ու մե­ծա­թիւ սար­քերն են։

­Պա­տե­րազ­մը այս ան­գամ վճռա­կան կը թո­ւի ըլ­լալ։ Եւ շատ շուտ ի յայտ ե­կաւ, թէ թշնա­մին վա­ղուց ար­դէն ծրագ­րած էր զայն։ Ըստ լու­րե­րուն, թշնա­միին կրած վնաս­նե­րը չա­փա­զանց մեծ են եւ անս­պա­սե­լի։ ­Միւս կող­մէ մեր վնաս­ներն ալ բա­ւա­կան են։ ­Ճա­կա­տին վրայ մեր դէմ կանգ­նած են թուր­քե­րը, ա­զե­րի­ներն ու իս­լամ վարձ­կան ճի­հա­տիստ­նե­րը։ ­Բայց պէտք է լաւ գիտ­նան, թէ այդ բո­լո­րին դի­մաց կանգ­նո­ղը ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեանն է, ­Ղե­ւոնդ ե­րէցն է ու հա­յոց կտրիճ­նե­րը։ ­Մեր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րը պահ­պա­նող­նե­րը մեր ազ­գի հե­րոս զա­ւակ­ներն են։ Եւ օ­տար լրագ­րող­ներ, հիաց­մուն­քով կը վկա­յեն պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ մեր զի­նո­ւոր­նե­րու սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ ­Մենք մա­հէն վախ­ցող չու­նինք, քա­նի մեր մօտ հե­րոս­նե­րը կ’ան­մա­հա­նան։

­Պա­տա­հա­ծը պա­տե­րազմ է եւ ոչ խորհր­դա­ժո­ղով կամ շրջապ­տոյտ։ Եւ հա­կա­ռակ ա­նոր, ա­մե­նայն ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը տես­նենք, թէ աշ­խար­հի բո­լոր ծա­գե­րէն հա­յոր­դի­ներ կը փու­թան մեկ­նիլ Ար­ցախ, զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­լու ու պա­տե­րազ­մե­լու ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն կող­քին։ ­Կը մեկ­նին նաեւ բժիշկ­ներ, օգ­տա­կար դառ­նա­լու վի­րա­ւոր­նե­րու բուժ­ման կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քին։ ­Հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ո­գին թրծած է ա­նոնց նե­րաշ­խարհն ամ­բողջ։ Իսկ զո­հո­ղու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը հա­սած է իր գա­գաթ­նա­կէ­տին։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին մօտ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ի­րա­ւուն­քը ան­զի­ջե­լի է եւ ի հար­կին, պա­տե­րազ­մի դաշ­տը շատ յստակ։ Ուս­տի ով որ քաջ է ի՞նչ կ’սպա­սէ։

­Զար­թի´ր­ որ­դեակ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, պա­տե­րազ­մի փողն հնչեց։ ­Մէկ կող­մէ պա­տե­րազ­մի դաշտ, իսկ միւս կող­մէ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ճա­կատ։ Այս է կա­ռու­ցո­ւածքն ու ըն­թաց­քը աշ­խար­հին։ Ու այս­տեղ եւս, մեծ հպար­տան­քով կը տես­նենք հայ­րե­նի պե­տու­թեան խի­զախ կե­ցո­ւած­քը ու սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հրա­շա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի ա­ռա­ջին իսկ փամ­փուշ­տին, հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ տաս­նեակ եր­կիր­նե­րու բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րու հրա­պա­րակ­նե­րը ո­ղո­ղե­ցին։ ­Բո­ղո­քի ցոյ­ցեր ու քայ­լար­շաւ­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին։ Ա­ռա­ւել եւս եր­գե­ցին ու պա­րե­ցին։ Այս­պի­սով ա­նոնք տեղ­ւոյն պե­տու­թիւն­նե­րը ցնցե­ցին ու ա­նոնց ան­տար­բե­րու­թեան հան­դէպ դժգո­հու­թիւն յայտ­նե­ցին։

Օ­րեր շա­րու­նակ սփիւռ­քի հա­յու­թիւ­նը հրա­պա­րակ­նե­րէն չհե­ռա­ցաւ։ Ա­նոնք պա­հան­ջա­տի­րու­թե­նէն եր­բեք չյոգ­նե­ցան ու չյու­սա­հա­տե­ցան։ Եւ ի վեր­ջոյ, այդ հրա­պա­րակ­նե­րէն ո­մանք ի­րենց դրա­կան ար­դիւն­քը տո­ւին։ Այդ հրա­պա­րակ­նե­րը մղե­ցին կարգ մը պե­տու­թիւն­նե­րուն դա­տա­պար­տե­լու մեր թշնա­մին եւ յա­ւե­լեալ քայ­լեր առ­նե­լու։ Ա­ռա­ւել եւս, պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ու ար­դա­րու­թեան սի­րոյն, բազ­մա­թիւ օ­տար քա­ղա­քա­ցի­ներ միա­ցան մեր շար­քե­րուն։ ­Պատ­մու­թիւ­նը բազ­միցս ցոյց տո­ւած է, թէ հզօր պե­տու­թիւն­ներ ընդ­հան­րա­պէս բռնա­տէր ու պա­տե­րազ­մա­սէր պե­տու­թեանց հետ դաշ­նա­կից կը դառ­նան, ան­շուշտ ո­րոշ շա­հե­րու վրայ հիմ­նո­ւե­լով։ ­Մե­զի հա­մար սա կա­րե­ւոր չէ։ Այ­սօր աշ­խար­հի հրա­պա­րակ­նե­րը մերն են։ Եւ եր­թա­լով ա­ւե­լի ազ­դու պի­տի ըլ­լայ մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը ու ա­ւե­լի ու­ժեղ պի­տի հնչէ մեր ձայ­նը։
Ու­րեմն ով հա­յոր­դի, լսէ քու հա­րա­զատ­նե­րուդ ձայ­նը եւ ե­լիր հրա­պա­րակ։ Ո­րով­հե­տեւ ներ­կա­յու­թիւնդ թիւ է։ ­Մաս­նակ­ցու­թիւնդ ձայն է։ Իսկ բրունձքդ յաղ­թա­նա­կի ուժ։

­Զար­թի´ր­ որ­դեակ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, պա­տե­րազ­մի փողն հնչեց։ Եւ ա­հա ա­ռա­ջին իսկ ռում­բի պայ­թու­մին, սկսան ղօ­ղան­ջել մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու զան­գե­րը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը դար­ձեալ դի­մեց իր Փր­կի­չին՝ Ք­րիս­տո­սին։ ­Մենք աշ­խար­հի ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեա­ներն ենք։ Եւ այս մէ­կը կրօ­նա­կան պատ­կա­նե­լիու­թե­նէն, ծէ­սէն ու հպար­տան­քէն ա­ւե­լի, մե­զի հա­մար կեան­քի ու­ղի է։

­Մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ ընդ­միշտ յա­տուկ տեղ գրա­ւած է մեր կրօն­քը։ ­Քա­նիցս փոր­ձո­ւած է ա­նոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը տկա­րաց­նել, բայց միշտ ձա­խո­ղած է։ ­Մենք Ք­րիս­տո­սի հե­տե­ւորդ­ներն ենք եւ վտան­գի կամ փոր­ձան­քի պա­հուն կը դի­մենք մեր Փր­կի­չին, խնդրե­լով օգ­նու­թիւ­նը եւ օրհ­նու­թիւ­նը։

Այ­սօր պա­տե­րազ­մի ճա­կա­տին վրայ, հայ զի­նո­ւո­րը զէն­քը իր ձեռ­քին դար­ձեալ կ’ա­ղօ­թէ եւ ա­նոր հետ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը կ’ա­ղօ­թէ։ ­Յի­շենք հա­յոց պատ­մու­թեան այն է­ջե­րը, ո­րոնք սքան­չե­լիօ­րէն եւ յու­զա­կա­նու­թեամբ կը նկա­րագ­րեն պա­տե­րազմ­նե­րու նա­խօ­րեա­կին, հա­յոց բա­նա­կա­վայ­րէն ներս կա­տա­րո­ւած պա­տա­րագ­նե­րը, քա­րոզ­ներն ու ճա­ռե­րը։ ­Հա­յոց քա­ջա­րի բա­նա­կը կա­րիքն ու­նի Աս­տու­ծոյ շուն­չին ու հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան։ Այդ խոր հա­ւատ­քէն մեկ­նած այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ սփիւռ­քի մեր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս, վասն խա­ղա­ղու­թեան պա­տա­րագ­ներ կը մա­տու­ցո­ւին, ժա­մեր­գու­թիւն ու մո­մա­վա­ռու­թիւն կը կա­տա­րո­ւի։ Իսկ նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար՝ հո­գե­հան­գիստ։

Ք­րիս­տո­նեայ ենք, սա­կայն կը յար­գենք միւս բո­լոր կրօն­նե­րը։ ­Բայց երբ մեր թշնա­մին իր կրօն­քը այ­սօր եւս իր զէն­քե­րէն մին կը դարձ­նէ, կրօ­նա­կան իմ պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը բնա­կա­նէն ծայ­րա­հե­ղու­թեան աս­տի­ճա­նին կը հաս­նի։ Ու այդ տագ­նա­պէն մղո­ւած, բարձ­րա­ձայն ու բար­կա­ցած հարց կու տամ. «Ո՞ւր է քրիս­տո­նեայ Եւ­րո­պան։ Ո՞ւր են քրիս­տո­նեայ Ա­մե­րի­կան ու ­Ռու­սիան»։ Թշ­նա­մին կրօն­քի ա­նո­ւան տակ եւս, քրիս­տո­նեայ ա­ռա­ջին ժո­ղո­վուր­դին դէմ ան­ցեա­լի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ։ ­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ­Յու­նաս­տա­նի, ­Կիպ­րո­սի, ­Սու­րիոյ, ­Լի­բա­նա­նի, Ի­րա­քի, Ե­գիպ­տո­սի ու ­Լի­պիոյ հետ քա­ղա­քա­կան հար­ցեր կ’ստեղ­ծէ։ ­Մինչ քրիս­տո­նեայ Եւ­րո­պան, միջ­նա­դա­րիան իր քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը տա­կա­ւին կը քա­րո­զէ։ ­Միւս կող­մէ Ա­մե­րի­կան, թուր­քիա­յէն շա­հած տո­լար­նե­րը կը հա­շո­ւէ, իսկ ­Ռու­սիան կա­զա­տար խո­ղո­վակ­նե­րուն ծրա­գիր­նե­րը կը մշա­կէ։ ­Սոյն ձա­խող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով, մօտ յի­սուն տա­րի­ներ ետք, Եւ­րո­պա­յի բնակ­չու­թեան քա­ռա­սուն առ հա­րիւ­րը իս­լամ­նե­րէ պի­տի բաղ­կա­նայ։ Եւ այս մտա­հո­գու­թեան նշան­նե­րը բա­ցա­յայ­տօ­րէն կա­րե­լի է տես­նել ­Գեր­մա­նիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, ­Հո­լան­տա­յի, ­Պել­ճի­քա­յի, հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ եւ այ­լուր։ ­Նոր խա­չակ­րու­թեան կա­րի­քը կա՞յ ար­դեօք։

Արդ ով հա­յոր­դի, վստա­հիր միայն քու Փր­կի­չիդ՝ Ք­րիս­տո­սին։ Ե­կե­ղե­ցի գնա, մոմ վա­ռէ եւ մեր հայ­րե­նի­քի ու Ար­ցա­խի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կին հա­մար ա­ղօ­թէ։ ­Վասն­զի քու ա­ղօթքդ պի­տի խրա­խու­սէ ու գօ­տեպն­դէ հայ զի­նո­ւո­րին։

­Զար­թի´ր­ որ­դեակ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, պա­տե­րազ­մի փողն հնչեց։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րով հա­րուստ ժո­ղո­վուրդ մըն է։ Եւ ներ­կա­յի մեծ պա­տե­րազ­մին, մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­ռա­քի­նի զա­ւակ­նե­րը զի­նո­ւո­րագ­րու­թեան, ցոյ­ցե­րուն ու ա­ղօթք­նե­րուն կող­քին, բե­րին նաեւ ի­րենց նիւ­թա­բա­րո­յա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ ­Շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մը մէջ գնա­հա­տե­լի գու­մար հա­ւա­քո­ւե­ցաւ եւ ղրկո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տան ու Ար­ցախ, մեր հա­րա­զատ­նե­րուն տե­սա­կա­ւոր կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու հա­մար։ Այ­սօր ամ­բողջ աշ­խար­հը հիաց­մուն­քով կ’ար­տա­յայ­տո­ւի մեր միաս­նա­կա­նու­թեան ու զո­հո­ղու­թեան ո­գիին մա­սին։

­Հե­տե­ւա­բար ով հա­յոր­դի, դժո­ւա­րին այս պա­հուն նիւ­թա­կան նո­ւի­րա­տո­ւու­թեամբ օգ­տա­կար դար­ձիր հայ­րե­նի­քի ու Ար­ցա­խի հա­րա­զատ­նե­րուդ։

­Զար­թի´ր­ որ­դեակ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, պա­տե­րազ­մի փողն հնչեց։ Այս կան­չը թե­րեւս կա­րե­ւո­րա­գոյնն է ու ա­մե­նէն յու­զի­չը։ Ո­րով­հե­տեւ սոյն զգա­յա­ցունց կան­չը յա­տուկ կեր­պով ուղ­ղո­ւած է օ­տա­րա­ցած, ան­տար­բեր եւ ան­յայտ հա­յե­րուն։ Այս ե­րե­ւոյ­թը, մեր ժո­ղո­վուր­դի մնա­յուն խո­ցե­լի կէ­տը հան­դի­սա­ցած է։ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն ետք ստեղ­ծո­ւած մտա­հո­գու­թիւն մըն է, որ ցա­ւօք սրտի տա­կա­ւին գո­հա­ցու­ցիչ լու­ծում մը չէ ու­նե­ցած, հա­կա­ռակ բո­լո­րի բազ­մա­պի­սի ջան­քե­րուն։ Եւ դժբախ­տա­բար ա­նոնց թի­ւը շատ մեծ է. ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի մեծ։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը ու­րեմն եր­կու մնա­յուն մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ. թուր­քը եւ օ­տա­րա­ցու­մը։ ­Պէտք է յաղ­թել եր­կու­քին։

Այ­սօր բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ, մեծ թի­ւով օ­տար­ներ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն մեր ցոյ­ցե­րուն, ա­ղօթք­նե­րուն ու դրա­մա­հա­ւա­քին։ ­Մինչ այս­պէս կո­չո­ւած «­Մե­րին­նե­րը» չկան, կոր­սո­ւած են դժբախ­տա­բար։ Ո՞ւր են, չենք գի­տեր։ ­Սա­կայն մեր հա­ւատքն ու յոյսն է, որ ազ­գա­յին զօ­րա­կո­չի ճա­կա­տագ­րա­կան այս պա­հուն, աշ­խար­հա­տա­րած մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, հրաշ­քի զօ­րու­թեամբ կը կա­րո­ղա­նան այդ հա­տո­ւա­ծին մէջ վերս­տին կեն­դա­նաց­նել հայ­կա­կան շունչն ու ո­գին եւ պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ Այ­սօր ա­նոնց­մէ մէ­կունն իսկ ներ­կա­յու­թիւ­նը հա­զար կ’ար­ժէ։