Ամերիկահայ Երիտասարդները Իսրայէլի Կառավարութեան Կոչ Ըրին Դադրեցնելու Աջակցիլ Թուրք-Ազրպէյճանական Ահաբեկիչներուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Նանէ Աւագեան

«Ասպարէզ»

Լոս Անճելըսի մէջ Իսրայէլի գլխաւոր հիւպատոսարանին առջեւ, ամերիկահայ երիտասարդները պահանջեցին Իսրայէլի կառավարութենէն դադրեցնելու զինել Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու անոնց կողմէ հովանաւորուող ահաբեկիչները: «Այստեղ ենք, մեր բողոքի ձայնը բարձրացնելու Իսրայէլի կառավարութեան՝ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու գործողութիւններուն դէմ: Իսրայէլի կառավարութիւնը պէտք է տեղեակ ըլլայ, որ իր զէնքերով կը խոցուին եկեղեցի, քաղաքացիական հիւանդանոց, ու ենթակառուցուածքներ, որ այդ զէնքը ուղղուած է անմեղ մարդոց վրայ՝ ներառեալ կանանց, երեխաներու եւ տարեցներու: Մինչ աշխարհը լուռ կը հետեւի, Իսրայէլ կը շարունակէ զինել Ազրպէյճանի բռնակալ վարչախումբը մահացու զէնքով: Իսրայէլի կառավարութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Հոլոքոսթի վերապրածները, այսօր կ՝աջակցի  Հայոց Ցեղասպանութիւն իրականացուցածներու թոռներուն՝ բնաջնջելու այդ Ցեղասպանութիւնը վերապրածները: Ասիկա անընդունելի է: Այս պահուն, այստեղ, մեր կողքին են եւ համերաշխութիւն կը յայտնեն նաեւ հրէայ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ անոնք ալ կը քննադատեն իրենց երկրի կառավարութեան դիրքորոշումը այս հարցով: Մենք Իսրայէլի կառավարութիւնը կը յորդորենք դադրեցնելու ահաբեկիչներու հետ համագործակցութիւնը», իրենց խօսքին մէջ նշեցին հաւաքի մասնակիցները:

Հոկտեմբեր 19-ին, Ուիլշիր պողոտայի մէկ հատուածը փակած ցուցարարներու շարքին էին նաեւ հրէայ երիտասարդներ: Իր ելոյթին մէջ, «Խաղաղութեան համար Հրեաներու  ձայն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տէյւիտ Վէկը Իսրայէլի կառավարութեան ուղղուած իր կոչին մէջ նշեց, որ հարցը կը պահանջէ հրատապ արձագանգ, քանզի ամէն վայրկեան անմեղ կեանքեր կ՝ընդհատուին. «Իմ ուղերձը նաեւ իմ մեծ հօր ու մեծ մօր եւ Հոլոքոսթի զոհ դարձած միլիոնաւոր մարդոց անունով է, որոնց ձայները լռեցուեցան: Եթէ անոնք վերապրէին ու տեսնէին թէ ինչ կը կատարուի մեր հայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ այսօր, անոնք պիտի դիմէին աշխարհին կոչով՝ կանգնելու հայերու կողքին, եւ կանխելու այլ ցեղասպանութիւն մը: Եթէ կը նախընտրէք չի լսել, չի տեսնել ու չզգալ, կը նշանակէ՝ կը նախընտրէք ապրիլ կեղծ իրականութեան մէջ: Եթէ կ՝ընտրէք լռել եւ ոչինչ ընել այս պատերազմը դադրեցնելու համար, կը նշանակէ՝ կ՝օգնէք յաւէրժացնելու չարիքը: Պատմութիւնը կրկնուելու յատկութիւն ունի,  եւ հայերու հանդէպ այս պահուն կրկին ցեղասպանութիւն կ՝իրականացուի, սակայն աշխարհը լուռ է: Ես կը նախընտրեմ լսել հայերուն ձայնը, զգալ անոնց ցաւն ու օգնել բարձրաձայնելու անոնց հարցը:  Ես կ՝ընտրեմ միանալ իմ հայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, կանգնիլ անոնց կողքին ամէն օրուայ անոնց պայքարին մէջ: Ես կ՝ընտրեմ գործողութիւնը, իսկ դո՞ւք», դիմելով Իսրայէլի կառավարութեան իր խօսքը ամփոփեց Վէգը:

Untitled

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Մեր Զինուորներուն հետ ենք» արշաւի ներկայացուցիչներուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին մասնակիցներն ալ տարբեր ցուցապաստառներով արտայայտեցին իրենց բողոքը. «Իսրայէլը պէտք է դադրեցնէ հայոց երկրորդ ցեղասպանութիւնը», «Իսրայէլի զէնքերը կը սպաննեն մեր երեխաները», «Իսրայէլ դադրի՛ր աջակցելէ ահաբեկիչներուն»,- նշուած էին գրառումներուն մէջ:

Հաւաքի աւարտին, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Արցախեան պատերազմին զոհուածներու յիշատակն ու մասնակցեցան մոմավառութեան: Իսրայէլի գլխաւոր հիւպատոսարանին դիմաց տեղադրուած էին հայ անմահացած զինուորներու անուններ, որոնց առաջ հաւաքուածները դրին վառած մոմեր:

IMG-9521