Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Թիրախաւորել Արցախի Խաղաղ Բնակավայրերը

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանը կը շարունակէ թիրախաւորել Արցախի խաղաղ բնակավայրերը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն՝ նշելով, որ Հոկտեմբեր 20 լոյս 21-ին բոլոր բնակավայրերուն մէջ հրադադարը համեմատաբար պահպանուած է, սակայն կանուխ առաւօտեան Մարտակերտը՝ յարակից գիւղերով, դարձեալ յայտնուած է թշնամիի նշանակէտին վրայ:

«Երէկ ալ նոնյն ուղղութեամբ կիրառած էր օդանաւեր, ռմբակոծած էր քաղաքացիական ենթակառուցուածքները: Ազրպէյճանական զինուժը կոպտօրէն կը խախտէ ոչ միայն հաստատուած մարդասիրական հրադադարը, այլեւ կը կիրառէ արգիլուած զինատեսակներ՝ նոյնիսկ խաղաղ բնակչութեան դէմ»,- նշած են Արցախի ԱԻ պետական ծառայութենէն: