Արցախ Տարուած է Քրիստոսի Խաչափայտի Սուրբ Մասունքներով` Աշոտ Երկաթի Խաչը

Այլեւայլ, Հայաստան

Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Արցախ տարուած է Հայոց բանակի Աշոտ Երկաթի խաչը, որուն մէջ զետեղուած են Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքները:

Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ով տեղեկացուցած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:

Հոկտեմբեր 20-ին, ժամը 10:00-ին այդ խաչով Պարգեւ սրբազանը հոգեւորականներու հետ, գնդերէցներու մասնակցութեամբ օրհնած է հայոց աշխարհի չորս կողմերը եւ Հայոց բանակը` ի նպաստ խաղաղութեան եւ Հայոց յաղթանակի: