Արցախի Հիւսիսային Կողմը Ազրպէյճանը Կը Կիրառէ Օդանաւ եւ Հրետանի. ՊՆ

Հայաստան

Արցախի առաջնագիծի հիւսիսային կողմը Ազրպէյճան կը կիրառէ օդանաւ եւ հրետանի, կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Հիւսիսային կողմը հակառակորդը կը կիրառէ օդանաւ եւ հրետանի, իսկ հարաւային ուղղութեամբ բուռն ծանր մարտերը կը շարունակուին: ՊԲ ստորաբաժանումները կը ձեռնարկեն համապատասխան միջոցներ հակառակորդին յարձակումը կասեցնելու համար»,- նշած է Ստեփանեան: