Ստեփանակերտն ու Տարածաշրջանի Ճգնաժամը․ Կարօ Արմենեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թուրքեւատրպէյճանական ոխերիմ ֆաշիզմի թիրախ դարձած Ստեփանակերտը, բոլոր մահասփիւռ ռումբերուն եւ աւերածութիւններուն դէմ յանդիման, հերոսաբար կը գոռայ աշխարհի երեսն ի վեր՝ ԿԵՆԴԱՆԻ ԵՄ…ԿԵՆԴԱՆԻ ԵՄ, ԻՆՉՊԷՍ ԴԱՒԻԹԸ եւ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՄ ԻՄ ՀԵՐԹԻՆ…
եւ անպայման պիտի գայ այդ հերթը։ Թշնամին պիտի չարաչար պարտուի հայկական ուժերու հարուածներուն տակ։ Բայց չմոռնա՛նք։ Թուրքեւազրպէյճանական ֆաշիզմի ուժերը Ստեփանակերտի մէջ պատերազմ կը մղեն ոչ միայն մեր ժողովուրդին, այլ ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան դէմ։ Ստեփանակերտի ճակատը աշխարհակարգի խախտած հաւասարակշռութեան ռազմաճակատն է այսօր։ եւ հետեւաբար ամէն մարդ, որ կը փորձէ տէր կանգնիլ իր կեանքի եւ գոյքի ապահովութեան այս քաոսային տարածաշրջանին մէջ, իր կեանքով եւ իր զաւակներու ապագայով պարտական է Ստեփանակերտին։
Ապահովել Ստեփանակերտի եւ հայութեան յաղթանակը այս կենաց մահու կռիւին մէջ պէտք է ըլլայ ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան խնդիրը այսօր։ Վերականգնել Ստեփանակերտն ու Արցախի եւ Հայաստանի աւերեալ բնակավայրերը համաշխարհային անյետաձգելի պարտաւորութիւն մըն է, որ անյապաղ գործի պէտք է վերածուի։
Մինչ այդ մենք՝ ինքնե՛րս պիտի լծուինք գործի։ Մեր երկու պետութեանց խորհրդարանները, նոյն օրը գումարուած արտահերթ նիստով, պէտք է այժմէն իսկ որոշում ընդունին, որ Ստեփանակերտը եւ հայոց հայրենիքի բոլոր աւերեալ բնակավայրերը պիտի վերակառուցուին բացառիկ շքեղութեամբ։ եւ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ՊԻՏԻ ՀՌՉԱԿՈՒԻ ԱԶԳԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ…
Նոյնքան կարեւոր դերակատարութիւն մը վերապահուած է մեր համաշխարհային Սփիւռքին։ Արցախի դատի համաշխարհայնացման գործընթացին տէր կանգնելու եւ աշխարհի մայրաքաղաքներուն մէջ թուրքեւազրպէյճանական դիւանագիտական նախայարձակումը փշրելու պարտականութիւնը մերն է։
Կովկասեան տարածաշրջանը չի կրնար հանգիստ շնչել, որքան ատեն որ կը գործէ թուրքեւատրպէյճանական փանթուրքիզմի չարաշուք քաղաքականութիւնը եւ տարածաշրջանը կը վերածէ ճիհատիստ ծայրայեղականութեան գործադաշտի։ եւ բնականաբար այս պայմաններուն մէջ հանգիստ չեն կրնար շնչել Հայաստանն ու Արցախը։ Չեն կրնար շնչել Իրանն ու Վրաստանը։ եւ երբեք հանգիստ չի կրնար շնչել Ռուսաստանը՝ ի՛նք…Պիղատոսական կրաւորականութիւններու ժամանակը չէ։ Հայկական ուժը առանձինն չի կրնար վերջնական լուծում բերել այս հարցին։ Այս սպառնալիքը կը կարօտի վերջնական գրոհի եւ վերջնական լուծարքի եւ բոլորին լիարժէք յանձնառութեամբ…