«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Պէտք Է Լուծել Խաղաղ Միջոցներով» Հզօր Լիբանան Համախմբում

Աշխարհ, Հայաստան

Հզօր Լիբանան համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը կը ցաւի արցախեան-ազրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման համար եւ կոչ կ՛ուղղէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու խաղաղ միջոցներով, ինչպէս նաեւ կասեցնելու արտաքին որեւէ միջամտութիւն, որուն նպատակն է այս տագնապը բարդացնել:

Համախմբումը մտահոգութիւն յայտնեց այն լուրերուն գծով, որոնք կը վերաբերին սուրիացի զինեալներու, ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու անդամներու, իրենց զէնքերով, Թուրքիոյ ճամբով Ազրպէյճան ուղարկուելուն` դիտել տալով, որ նման պարագայի ամբողջ շրջանը մուտք կը գործէ անելանելի արիւնահեղութեան եւ բռնարարքներու օղակի մը մէջ:

Հզօր Լիբանան համախմբումը զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի բնակիչներուն` կոչ ուղղելով դարեր շարունակ իրենց նախահայրերուն հողին վրայ խաղաղութեամբ ապրելու անոնց իրաւունքը յարգելու:

Համախմբումը հաստատեց, որ պատմութեան ընթացքին Արցախի ժողովուրդը սուղ վճարած է գինը այլոց հետապնդած տարբեր շահերուն, ծաւալապաշտական ձգտումներուն, բռնատիրութեան պարտադրման եւ ուրիշը ջնջելու նպատակներուն, որոնց պատճառով նաեւ աւելի քան հարիւր տարի առաջ ենթարկուած է սպանդներու: