Ազրպէյճանի Տարբեր Քաղաքներէ Քանի Մը Հարիւր Հազար Մարդ Խուճապահար Կը Փախչի. Վահրամ Պօղոսեան

Աշխարհ, Հայաստան

Թշնամիի ռազմական կէտերուն երեկուան հասցուած հարուածներէն ետք՝ Ազրպէյճանի տարբեր քաղաքներէն քանի մը հարիւր հազար մարդ խուճապահար կը փախչի դէպի Պաքու եւ թիկունքային այլ բնակավայրեր: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան:

«Տեղեկութիւններ կան, որ Պաշտպանութեան բանակին կողմէ թշնամիի ռազմական կէտերուն երեկուան հասցուած հրթիռային հարուածներէն ետք՝ Ազրպէյճանի տարբեր քաղաքներէ՝ քանի մը հարիւր հազար մարդ խուճապահար կը փախչի դէպի Պաքու եւ թիկունքային այլ բնակավայրեր: Շնորհակալ ենք Ազրպէյճանի ժողովուրդին՝ ցուցաբերած  քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան համար: Իրականութեան մէջ, օր առաջ պէտք է շտապել»,- գրած է ան: