Արցախի Մէջ Պահպանուած է Յարաբերական Կայուն Լարուածութիւն

Uncategorized

Սեպտեմբեր 30-ի լոյս Հոկտեմբեր 1-ի գիշերուան ընթացքին արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտին մէջ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւն: Առանձին ուղղութիւններով շարունակուած են փոխհրաձգութիւնները հրետանային ու հրաձգային զինատեսակներէ: Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

 Մարտակարգերը բարելաւելու նպատակով հակառակորդը փորձած է իրականացնել որոշակի վերախմբաւորումներ ու զօրաշարժեր, որոնք ժամանակին հաւաստանշուած ու կանխուած են ՊԲ ստորաբաժանումներուն կողմէ: 

«Գործող-մարտավարական իրադրութիւնը փոփոխութեան չէ ենթարկուած: Այս պահուն կայուն լարուածութիւնը ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով կը պահպանուի: ՊԲ ստորաբաժանումներն ու մարտական խնդիրներ կատարող ազատամարտիկները պատրաստ են յետագայ մարտական գործողութիւններուն»,- կը նշեն Պաշտպանութեան բանակէն: