Իրան Թոյլ Պիտի Չտայ, Որ Ահաբեկիչները Տեղակայուին Հիւսիսային Սահմանին Յարակից Տարածքներուն Մէջ․ԱԳՆ Խօսնակ

Աշխարհ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիդ Խաթիպզատէ յայտարարած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ոչ մէկ պարագային թոյլ պիտի չտայ, որ ահաբեկչական խմբաւորումները երկրի հիւսիսային սահմաններուն յարակից շրջանները իրենց ազգային անվտանգութեան դէմ սպառնալիքի վերածեն: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով իրանական «khabaronline» կայքը, Խաթիպզատէ ըսած է, որ բախումներու Կովկաս տեղափոխումը շատ աւելի մեծ աղէտի պիտի յանգեցնէ տարածաշրջանի համար, քան ղարաբաղեան հակամարտութիւնը:

Միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ անընդհատ պտտող տեղեկութիւններու համաձայն՝ Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսային հատուածէն Ազրպէյճան տեղափոխած է զինուորական վարձկաններ` Արցախի ու Հայաստանի դէմ օգտագործելու նպատակով: Խօսքը 3,000-4,000 վարձկաններու մասին է, որոնք ըստ այդ նոյն աղբիւրներուն Արցախի ու Հայաստանի դէմ այս օրերուն ընթացող պատերազմին մասնակցելու համար վճարուած են 1500-2000 ԱՄՆ տոլար: