Հայկական Կողմը 4 Օրուան Ընթացքին Խոցած է Թշնամիի Գրեթէ Այնքան Զրահամեքենայ, Որքան Արցախեան Առաջին Պատերազմին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայկական կողմը Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու 4 օրերուն ընթացքին խոցած է թշնամիի գրեթէ այնքան զրահամեքենայ, որքան Արցախեան պատերազմի ողջ ընթացքին: Այս մասին, քիչ առաջ կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

«4 օրուան ընթացքին զարնուած է գրեթէ այնքան թշնամական սարք, որքան Արցախեան պատերազմի ժամանակ»,- ըսաւ Յարութիւնեանը:

Արցախի նախագահը նշեց, որ ազրպէյճանական առաջին հարուածը անակնկալ էր, բայց համեմատելով Սովետական միութեան նկատմամբ ֆաշիստական Գերմանիայի հարուածին հետ, նշեց, որ գերմանական զօրքերը օրերու ընթացքին սահմանէն հասած են գրեթէ Մոսկուա, իսկ այսօր մարտերը կ՝ընթանան սահմանին վրայ եւ ոչինչ փոխուած է: