Ռուսիան Կոչ Կ՝ընէ Հակամարտութեան Գօտիէն Անյապաղ Դուրս Հանել Վարձկաններն ու Ահաբեկիչները

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնը կոչ կ՝ընէ արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծէն եւ հակամարտութեան գօտիէն անյապաղ դուրս հանել վարձկաններն ու ահաբեկիչները: Այս մասին նշուած է ՌԴ ԱԳՆ տարածած մեկնաբանութեան մէջ։

«Ըստ տեղեկութիւններուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի կ՝իրականացուի անօրինական զինուած խմբաւորումներու, մասնաւորապէս՝ Սուրիայէն, Լիպիայէն զինեալներու տեղափոխումը՝ մարտական գործողութիւններուն անմիջական մասնակցելու նպատակով:

Խորապէս մտահոգուած ենք այս գործընթացներով, որոնք ոչ միայն կը յանգեցնեն հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութեան ալ աւելի մեծնալուն, այլեւ երկարաժամկէտ սպառնալիք կը ստեղծեն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու անվտանգութեան համար:

Կոչ կ՝ընենք շահագրգիռ պետութիւններու ղեկավարներուն` գործուն միջոցներ ձեռնարկելու հակամարտութեան մէջ օտարերկրեայ ահաբեկիչներու եւ վարձկաններու օգտագործումը չարտօնելու եւ տարածաշրջանէն անոնց անյապաղ դուրս հանելու ուղղութեամբ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: