Արցախի Դէմ Յարձակողական Գործողութեան Օդային Ղեկավարումը Ստանձնած Են Թուրքիոյ Ռազմաօդային Ուժերը

Հայաստան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Սեպտեմբեր 30 -ին շարունակուած են յամառ մարտերը, որոնց ընթացքին հայկական զօրքերը հերոսաբար ետ մղած են թշնամիի բաւական փոփոխուած մարտավարութեամբ կատարած գրոհները, ռազմական գործողութիւնները տարբեր հատուածներու մէջ:

Ըստ անոր, շուրջ 23-24 ժամուան ընթացքին հակառակորդը իր յարձակողական տապալած գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք կրած է որոշակի կորուստներ, մասնաւորապէս` 130 մահացած զինուորներ, մօտ 200 վիրաւորներ: Հայկական զինուած ուժերը խոցած են 29 հրասայլ եւ զրահամեքենայ, երեք ծանր հրանետային համակարգ, որ յայտնի է ՏՕՍ անունով, մէկ «Սմերչ» տեսակի համազարկային կրակի կայանք, 11 անօդաչու թռչող սարք:

Հայկական կողմը շատ լաւ գիտէ` Ազրպէյճանի ռազմաօդային ուժերուն մէջ ի՛նչ կործանիչներ կան, նաեւ` որ այդ կործանիչները իրենց առաջադրուած խնդիրները չեն կրնար կատարել` ինչպէս պէտք է, ատոր համար ալ Թուրքիոյ «Էֆ.-16»-երը Արցախի վերեւ են: «Փաստը հերքողներուն անակնկալներ կը սպասուին` ռատիոարհեստագիտական հետախուզական ապացոյցներով», ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան` անդրադառնալով թրքական կործանիչներու ներգրաւման:

Ան շեշտեց, որ «Էֆ.-16»-երը տարուած էին Ազրպէյճան, օրեր առաջ կատարեցին հետախուզական թռիչքներ, մարտավարական լուծումներ:

Հայկական կողմը պատրաստ է միջազգային փորձագէտներուն տրամադրելու ապացոյցները:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան եւս անդրադարձաւ այդ հարցին` նշելով, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակողական գործողութեան օդային ղեկավարումը յանձնեց Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն: