Փութին ու Մաքրոն Քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի Իրավիճակը

Աշխարհ

Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Էմանուէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Պելառուսիոյ մէջ, կը հաղորդէ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:

Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ: Փութին ու Մաքրոն հակամարտութեան կողմերուն շուտափոյթ եւ ամբողջական հրադադարի եւ լարուածութիւնը մեղմելու կոչ ըրած են:

«Մանրամասն քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին իրավիճակի կտրուկ սրումը: Լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են շարունակուող լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու առնչութեամբ: Փութին եւ Մաքրոն հակամարտող կողմերուն շուտափոյթ եւ ամբողջական հրադադարի, լարուած իրավիճակը մեղմելու, առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու կոչ ըսած են»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Մամուլի ծառայութիւնը աւելցուցած է, որ զրոյցի ընթացքին նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամի քաղաքական եւ դիւանագիտական մեթոտներով կարգաւորումը այլընտրանք չունի: «Այս ծիրէն ներս դիտարկուած են յետագայ փոխգործակցութեան յատուկ չափորոշիչներ, առաջին հերթին` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են Մինսկի խումբի (Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ) համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն անունէն հանդէս գալ յայտարարութեամբ` յօգուտ զինուած առճակատման շուտափոյթ դադրեցման եւ բանակցային գործընթացի վերսկսման»,- կը տեղեկացնէ Քրեմլ: