Ազրպէյճանի Մէջ Թրքական ԱԹՍ-երու Աշխատանքը Կը Համակարգէ Լիպիական Փորձով Թուրք Զինուորականը

Աշխարհ

Ըստ Կիպրոսի «Geopolitical Cyprus» վերլուծական կեդրոնի ուշագրաւ տեղեկութեան` Արցախի ռազմաճակատին վրայ թրքական Bayraktar TB-2 հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու կիրառումը եւ անոնց կառավարումը կը համակարգէ թուրք զօրավար Կէօքսել Քահյան (Goksel Kahya), որ մինչ այդ կը համակարգէր ԱԹՍ-ներու կիրառումը նաեւ Լիպիոյ մէջ, կը գրէ Razm.info մասնագիտացուած կայքը:

Այս տեղեկութիւնը լրացուցիչ ստուգման կարիք ունի, սակայն լուրին մասին այլ փաստեր ալ կը խօսին, կը նշէ կայքը: Օրինակ` այս տարուան Օգոստոս 13-ին Իլհամ Ալիեւ ընդունած էր Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի ղեկավարած պատուիրակութիւնը, որոուն անդամ էր նաեւ Քահյան: Այդ հանդիպման ներկայ էին պաշտպանութեան նախարարը եւ Թուրքիոյ առանձին զօրատեսակներու հրամանատարները, որոնց ֆոնին Քահյայի զբաղեցուցած պաշտօնը (ՊՆ փոխնախարարի տեղակալ) համեմատաբար ցած է, որ կը նշանակէ, որ անոր ներկայութիւնը այդ հանդիպման ունեցած է բացառապէս գործնական նշանակութիւն: