Ֆրանսայի Քաղաքական Դասակարգը, Հանրային Կարծիքը Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ Ժողովուրդին Հետ է. Մուրատ Փափազեան

Հայաստան

Ֆրանսահայ համայնքը Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց  բողոքի ցոյց ըրած է: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի մէջ հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան նշեց, որ կը ցանկայ փաստել, որ Ֆրանսայի քաղաքական դասակարգը, հանրային կարծիքը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդին հետ է, կը հաղորդէ Tert.am-ը:

«Արցախի, Հայաստանի դէմ քայլերը միայն Ազրպէյճանի քայլերը չեն: Թուրքիան ոչ միայն իր բանակով, զէնքերով եւ իր մասնագէտներով կ՛աջակցի, այլ նաեւ իր շունչով, Էրտողան կը մղէ, որ շարունակէ պատերազմը Հայաստանի, Արցախի դէմ, որպէսզի գրաւէ հարաւը, որպէսզի կատարուի թրքական ցանկութիւնը»,- ըսած է ան:

Ան նշեց, որ իրենք կը նախատեսեն օգնութիւն ցուցաբերել հայկական բանակին, կ՛աշխատին պետութեան հետ:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի դիրքորոշման ստեղծուած իրավիճակին մէջ` Փափազեան նշեց. «Ֆրանսան կը հաստատէ, որ հայութեան կողմն է եւ չի ընդունիր, որ Ազրպէյճան այդ ձեւով յարձակի Հայաստանի վրայ, ոչ միայն Արցախի վրայ: Հայաստան ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուած երկիր է, ատիկա արդէն տարբեր բան է: Մենք կը պահանջենք, որ միջազգային հանրութիւնը դատապարտէ եւ պատժէ Ազևպէյճանը»,- ըսած է ան: