Պոլսահայութիւնը Անհանգիստ է Հնարաւոր Թիրախաւորումներէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ազրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի հետ սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն ի տես՝ Թուրքիայէն հնչող բազմաթիւ հակահայկական եւ Ազրպէյճանին աջակցող յայտարարութիւնները թիրախ կը դարձնեն այդ երկրի հայ քաղաքացիները:

Վկայակոչելով dv.com-ը՝ Ermenihaber.am-ը կը յայտնէ, թէ այս մասին ըսած է քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) փոխնախախագահ, Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը:

«Բախումներու առաջին ժամերէն սկսեալ ողջ աշխարհը հրադադարի կոչ կ՝ընէր, ԱԶԿ-ի (իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւն) ու հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ շարք մը պաշտօնեաներ, կրակի վրայ իւղ լեցնելով, աջակցութիւն յայտնեցին պատերազմին»,- ըսած է Փայլան եւ աւելցուցած, որ այդպիսով թիրախ կը դառնան նաեւ Թուրքիոյ հայ քաղաքացիները:

Պատգամաւոր Փայլան այս թեմայով Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթային հասցէագրուած գրաւոր հարցապնդում ներկայացուցած է խորհրդարան, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսած է. «Երբ ամբողջ աշխարհը հրադադարի կոչ կ՝ընէ, մենք ինչո՞ւ պատերազմի կոչ կ՝ընենք:

Արդեօք ճի՞շդ է այն պնդումը, ըստ որուն Թուրքիան Սուրիայէն ճիհատիստներ ուղարկած է Ազրպէյճան:

Այն պարագային երբ մենք ե՛ւ հայ, ե՛ւ ազրպէյճանցի քաղաքացիներ ունինք, ինչո՞ւ ազրպէյճանցին իբրեւ եղբայր կը դիտարկէք, իսկ հայը՝ իբրեւ թշնամի: Տեղեա՞կ էք, որ հայ ժողովուրդին ուղղուած ձեր ատելութեան խօսքերը, հայ քաղաքացիները թիրախ կը դարձնեն»:

Նախօրէին ալ պոլսահայերու անհանգստութիւններուն մասին «Deutsche Welle Turk»-ին խօսած էր հայկական «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Էդուարդ Տանձիկեանը: «Ատիկա պիտի ըլլայ Ղարաբաղի հարցը, թէ օրինակ՝ ԱՄՆ-ի խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ընդունուած բանաձեւ, ցաւօք այդպիսի պարագաներուն Թուրքիոյ հայերը միանգամայ կը զգան սլաքներուն դէպի իրենց ուղղուիլը: Եւ ատիկա ի հարկէ անհանգստութիւն կ՝առաջացնէ անոնց մէջ»,- ըսած է Տանձիկեանը:

Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատան գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշն ալ նշած է, որ Թուրքիոյ ոչ վաղ անցեալը լի է բռնութեամբ, սպանութիւններով, ջարդերով, կոտորածներով ու մահափորձերով, որուն պատճառով միշտ վախ կայ, որ այստեղ հնչեցուած ատելութեան խօսքը կրնայ գործողութեան վերածուիլ:

«Հայերն ալ այդ վախը ծայրաստիճան ուղիղ կը զգան իրենց վրայ: Առանց այդ ալ պարփակուած, իր մէջ ամփոփուած համայնք է: Հասարակական ցանցերու կամ այլ միջավայրու մէջ այդ խօսքերը լսելով հայերուն մէջի վախերը կը բազմապատկուին, եւ կեանքը քիչ մը աւելի դժուար կը դառնայ»,- ըսած է Քոփթաշը: m

facebook sharing button
twitter sharing button
pinterest sharing button
email sharing button
sharethis sharing button