Վեհափառը Հանգանակութեան Կոչով Դիմած է Աշխարհասփիւռ Հայութեան

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն մեկնած՝  Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորած է աշխարհասփիւռ թեմերուն եւ համայնքներուն` կազմակերպել հանգանակութիւններ:

Հաւաքուած միջոցները պիտի ծառայեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ նախանշուած «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» ծրագրին` ի նպաստ հայրենիքի առջեւ ծառացած դժուարութիւններու յաղթահարման:

 Վեհափառը յանձնարարական տուած է ՀՀ Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդին, հայաստանեան թեմակալ առաջնորդներուն եւ եկեղեցական բոլոր կառոյցներուն սատարելու հայոց բանակին եւ հնարաւոր օժանդակութիւն ցուցաբերելու Արցախի ժողովուրդին: