Կ՛ակնկալենք Յստակ Գնահատական եւ Ոչ Երկակի Չափանիշներ. ՀՅԴ Երիտասարդները Նամակ Յանձնեցին ՄԱԿ-ի Ներկայացուցչութեան

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը այսօր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտէն քայլերթով շարժեցաւ դէպի Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակ, ուր նամակ փոխանցեցին` պահանջելով միջազգային կառոյցներէն` այլեւս հաւասարութեան նշան չդնել Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, գնահատական տալ Ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ հակամարտութեան Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան:

Երիտասարդները քայլերթով քալեցին դէպի ՄԱԿ գրասենեակ` հայրենասիրական երգեր երգելով եւ «Ազրպէյճան յարձակող» վանկարկումներով:

«Պէտք է յստակ արձանագրել, որ Հայաստանի եւ հայերու անվտանգութիւնը հայկական բանակը կ՛ապահովէ: Միջազգային հանրութենէն մենք միայն կ՛ակնկալենք յստակ գնահատական եւ ոչ երկակի չափանիշներ: Յարձակողը պէտք է յստակ մատնանշուի` ատկէ բխող բոլոր հետեւանքներով: Միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք է ստանձնեն իրենց պարտաւորութիւնները եւ յստակ գնահատական տան: Կ՛ակնկալենք, որ անոնք ականջալուր ըլլան, չմոլորուին եւ կարենան յստակ գնահատականներ տալ ու սանձել յարձակողին: Այսօր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը յատուկ նիստ ունի, եւ կ՛ակնկալենք, որ եթէ բանաձեւ ընդունուի, անիկա պէտք է ըլլայ անկողմնակալ, անաչառ, յստակ պէտք է մատնանշուի, որ Ազրպէյճանը կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճին, պէտք է դատապարտուի Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը, որ իրականութեան մէջ աննախադէպ է», – Yerkir.am-ի թղթակցին ըսած է ՀՅԴ ՀԵՄ անդամ Քրիստինէ Վարդանեան:

Ան ընդգծած է, որ նոյնաբովանդակ նամակ նաեւ պիտի փոխանցուի ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահ երկիրներու դեսպանութիւններուն:

Նամակը ՄԱԿ-ի գրասենեակին փոխանցելէ ետք ՀՅԴ ՀԵՄ անդամ Սեւակ Նազարեան յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ հաւասարապէս պատասխանատուութիւնը պիտի կիսեն այն երկիրները, որոնք կը փորձեն արդարացնել անոնց ռազմական գործողութիւնները Արցախի մէջ:

Մանրամասները` տեսանիւթին մէջ: