Թրքական F-16-ը Խոցած է Հայկական ՍՈՒ-25 Ռազմական Օդանաւը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնած է, Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու F-16 օդանաւի կողմէ ՀՀ օդային տարածքին մէջ խոցուած է ՀՀ ԶՈՒ ռազմաօդային ուժերու ՍՈՒ-25 գրոհիչը:

Հաղորգադրութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Այսօր ժամը 10:30-էն Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերուն պատկանող  F-16 կործանիչները օդ բարձրացուցած էին Ազրպէյճանի «Գեանջա»  օդակայանէն եւ կ՛ապահովէին Ազրպէյճանի  «Դալեար» օդակայանէն ՀՀ Վարդենիսի տարածաշրջանի Վարդենիս, Մեծ Մասրիք, Սոթք տարածաշրջաններու մէջ տեղակայուած ՀՀ բնակավայրերու եւ ԶՈՒ ցամաքային ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ Ազրպէյճանի ՍՈՒ-25 եւ թրքական արտադրութեան «Պայրաքթար» ԱԹՍ-ով ռմբահրթիռային հարուածները:

Տուեալ ժամանակահատուածում ՀՀ ԶՈՒ ՀՕՊ զօրքերու ստորաբաժանումներուն կրակային աջակցման մարտական խնդիրներ կը կատարէր մեր օդուժը: 

Մարտական խնդիրը կատարելու ատեն հակաօդային եւ օդային մարտերու ընթացքին Թուրքիոյ Հանրապետութեան ռազմաօդային ուժերու F-16 կործանիչի կողմէ ՀՀ օդային տարածքին մէջ խոցուած է ՀՀ Զու ռազմաօդային ուժերու ՍՈՒ-25 գրոհիչը:

 Օդաչուն, ցաւօք, հերոսաբար նահատակուած է:

 Թուրքիոյ F-16 կործանիչը, ըստ դիտարկման, գտնուած է 60 քմ․ խորութեան, 8200 մեթր բարձրութեան վրայ»: