Քանի Մը Օրուան Ընթացքին Հակառակորդը Պիտի Ծունկի Բերենք. Արայիկ Յարութիւնեան

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան համոզուած է, որ պիտի յաջողուի քանի մը օրուան մէջ հակառակորդը ծունկի բերել: Այս մասին Արցախի նախագահը ըսած է կամաւորականներու հետ հանդիպման ընթացքին:

«Օմարէն մինչեւ Արաքս բոլոր ուղղութիւններով յարձակած են, հարիւրաւոր հրասայլերով: Բայց տասնեակ, եթէ ոչ հարիւրի հասնող զինամթերք արդէն այս երկու օրուան ընթացքին կորսնցուցած են: Գրեթէ առաջխաղացում չունին: Քանի մը դիրք վերցուցած են: Բոլորդ փորձառու էք, կը հասկնաք դիրք տալը ինչ է, եւ կու տանք, եւ կը վերցնենք, բայց վերջաւորութեան, որ կը վերցնենք, ալ չենք տար: Ասիկա մեր վերջին ու ամենապատասխանատու ճակատամարտը պիտի ըլլայ: Քանի մը օրուան ընթացքին հակառակորդը պիտի ծունկի բերենք: Եւ ատիկա պիտի յաջողցնենք: Պիտի յաջողինք, որովհետեւ ձեր նման հայրենասէրներ ունինք, ձեր նման հայրենասէր Արցախի քաղաքացիներ ունինք»,- ըսած է Յարութիւնեանը:

Արցա