Հակառակորդը Նոր Լայնածաւալ Յարձակման Ընթացքին Արդէն Կորսնցուցած է Աւելի Քան 370 Զինուորական

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է, որ հակառակորդը սկսած է լայնածաւալ յարձակողական նոր գործողութիւն Արաքսի հովիտի հատուածին վրայ եւ Մատաղիս-Թալիշ հատուածներուն մէջ։

«Արցախի ՊԲ-ը յաջող կը դիմակայէ բոլոր յարձակումներն ու գրոհները եւ հակառակորդին կը հասցնէ անձնակազմին եւ զինամթերքի զգալի կորուստներ։ Այս պահի դրութեամբ ոչնչացուած է հակառակորդի 22 միաւոր հրասայլ եւ 10 միաւոր այլ զրահամեքենայ։ Ոչնչացուած է աւելի քան 370 զինուորական։ Ունին մեծ քանակով վիրաւորներ։ Ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն վիրաւորներուն միջից ծանր վիրաւոր զինուորներուն քանակը կը կազմէ 35%»,- գրած է Յովհաննիսեան։