Հայաստան Պատերազմ Սկսելու Շարժառիթ Չունի, Ազրպէյճանը Առաջինը Սկսած է. Թոմաս տը Վաալ

Աշխարհ, Հայաստան

Հարաւային Կովկասի գծով յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ վստահ է, որ Ազրպէյճան առաջինը սկսած է արցախա-ազտպէյճանական սահմանագիծին վրայ ռազմական գործողութիւնները, քանի որ Հայաստանը պատերազմ սկսելու որեւէ շարժառիթ չունի: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Վաալ ըսած է «Ահուալ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

«Հայկական կողմը 1990-ական թուականներուն յաղթած է պատերազմը, իրենք ունին այն տարածքը, որ կը ցանկան: Անոնց շարժառիթը կարգավիճակը կարգաւորելն է»,- ըսած է Վաալ:

Ան աւելցուցած է, որ քանի մը պատճառներէ մեկնած Ազրպէյճանը կը կարծէ, որ ռազմական գործողութիւնները իրեն յաղթանակ պիտի բերեն: