Արցախի Մէջ Հայերը Յարձակման Ենթարկուած են. Քիմ Քարտաշեանը Կոչով Հանդէս Եկած է

Հայաստան

 Յայտնի հեռուստաստղ Քիմ Քարտաշեան իր միլիոնաւոր հետեւորդներուն տեղեկացուցած է` Արցախի մէջ հայերը յարձակման ենթարկուած են Ազրպէյճանի կողմէ, ատոնք «բախումներ» չեն ու յորդորած է` կոչ ընելով Պաքուին դադրեցնելու ուժի կիրառումը, զգուշացնել Թուրքիոյ` դադրեցնելու զէնք եւ մարտիկներ մատակարարելը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Քարտաշեան  այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:

«Կոչ ըրէք Պաքուին դադրեցնելու ուժի կիրառումը, դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու Ազրպէյճանին տրուող ռազմական օգնութիւնը, որ կ՛օգտագործուի հայերու դէմ եւ զգուշացուցէք  Թուրքիային` դադրեցնելու զէնք եւ մարտիկներ ուղարկել Պաքու»,-գրած է Քարտաշեան:

Ան շեշտած է` պէտք են միջազգային դիտորդներ, որ ուսումնասիրեն եւ միջազգային քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցառումներու կոչ ընեն` կանխելու անհարկի սրացումն ու ողբերգութիւնը: Քարտաշեան յղում տեղադրած է եւ խնդրել, որ ատով Ատրպէյճանի յարձակումը կանխելու համար Սպիտակ տան եւ Քոնկրեսին կոչ ընեն:

«Արցախի մէջ հայերը յարձակման ենթարկուած են: Մենք կ՛աղօթենք խիզախ տղամարդոց եւ կանանց համար, որոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը `պաշտպանելու Արցախը եւ  Հայաստանը»,-շեշտած է Քարտաշեան: