Արցախի Դէմ Կը Կռուի Նաեւ Թուրքիան. Արցախի Նախագահ

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով` Արցախի դէմ, բացի Ազրպէյճանէն, կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Այս մասին Յարութիւնեան ըսաւ Սեպտեմբեր 27-ի երեկոյեան հրաւիրուած ճեպազրոյցի ընթացքին:

«Մեզ հետ կը կռուի նաեւ Թուրքիան: Կ՛օգտագործեն թրքական բանակի ձեռքի տակ եղած հիմնական ժամանակակից զէնքերն ու զինամթերքները` անօդաչու թռչող սարքեր եւ ինքնաթիռներ: Չեմ խօսիր վարձկաններու, այլ երկիրներէ կամաւորականներու մասին: Արցախը կը կռուի միայն օգտագործելով Արցախի ՊԲ բանակի ուժերը եւ պիտի ըլլան կամաւորներ միայն Հայաստանէն, հակառակ որ, որ ՀՀ կառավարութեան որոշումը կայ` յայտարարել ռազմական դրութիւն եւ զօրաշարժ»,- ըսած է Յարութիւնեան:

Արցախի նախագահը նշած է, որ Պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրը:

«Դիրք կորսնցուցած ենք, հնարաւոր է` նաեւ կորսնցնենք: Դիրքեր պիտի գրաւենք հաստատ: Պատերազմի արդիւնքները մեզի համար կանխատեսելի են, թշնամիին ծրագիրը պիտի ձախողի: Արդէն իսկ ունին հարիւրաւոր կորուստներ, զրահամեքենաներու տասնեակ կորուստներ»,- նշած է Արցախի նախագահը: