Ազրպէյճան Ունի Եւս 1 Ուղղաթիռի, 3 Հրասայլի , 7 ԱԹՍ-ի եւ 2 Զրահամեքենայի Կորուստ

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախա-ազպէյճանական սահմանագիծին դեռեւս կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները, որոշ հատուածներու մէջ կ՛ընթանան գիշերային մարտեր: Այս մասին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի տեղեկատուութեան բաժնի պետի պաշտօնակատար  Սուրէն Սարումեան:

«Ներկայիս կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները, որոշ հատուածներու մէջ կ՛ընթանան գիշերային մարտեր: Հակառակորդը ունի նոր կորուստներ: Ըստ ճշգրտուած տուեալներուն` անոնց կորուստներու թուին աւելցած է. եւս մէկ ուղղաթիռ, 3 հրասայլ, 2 զրահամեքենայ եւ 7 անօդաչու թռչող սարք: Այսինքն` ընդհանուր առմամբ հայկական կողմը ոչնչացուցած է հակառակորդի 4 ուղղաթիռ, 33 հրասայլ եւ ՀՄՄ, 27 ԱԹՍ եւ  2 զրահամեքենայ»,- նշած է Սարումեան: