Հայու Միակ Հայրենիք՝ Անկախութիւնդ Շնորհաւոր. Գէորգ Պետիկեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Տակաւին քանի մը ամիս առաջ էր, երբ մենք՝ բոլորով նշեցինք 20-րդ դարու առաջին քառորդին, մեր անկախ պետականութեան ստեղծման 102-րդ տարեդարձը: Ու նոյն օրը, խորին յարգանքով կանգ առինք յիշատակին առջեւ, Մայիս 28-ի ազատատենչ եւ մարտական սերունդին:

Սերունդ մը, որ իր աննկարագրելի իմաստութեամբ եւ նոյնքան ալ աննկարագրելի քաջութեամբ պատմական երեք ճակատամարտերու վրայ կռուի դաշտ իջնելով, հիմնովին շրջեց իր իսկ պատմութեան անիւը ու իր արիւնով գրեց իր ժողովուրդի նոր պատմութիւնը ու այս ձեւով դարերէ ի վեր սպասուած մեր ազգային ինքնութիւնը խիզախօրէն խարսխեց հայրենի հողին վրայ:

Այսպէս ծնաւ Հայաստանը, որ դարձաւ իր եռագոյն դրօշով ճանչցուած ու յարգուած պետութիւն մը, աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ:

Այս առթիւ, պէտք է նաեւ յիշել, որ դարերէ ի վեր հայ ժողովուրդը երազած էր ունենալ իր ազատ եւ անկախ երկիրը: Որովհետեւ հաւատացած էր, որ անկախութիւնը մարդու լիարժէք դրսեւորման բնական իրաւունքն էր:

Գիտենք, որ երկրի մը անկախութիւնը ձեռք կը ձգուի թէ՛ արեան գնով եւ թէ՛ մեծ աշխատան-քով ու անսակարկ զոհաբերութեամբ: Ու հայը միշտ ձգտած է իր անկախութեան, որուն գաղափարը նաեւ դարձած է իր ուղեկիցը, իր նուիրական նպատակը, եթէ կ’ուզէ՛ք իր սրբազան ու փայփայուած երազանքը, թէեւ դժուար՝ բայց իրագործելի տեսլականը:

Այլ խօսքով՝ Հայկ նահապետի օրերէն, հայը ժառանգած է ազատութեան գաղափարը եւ միշտ տենչած՝ ապրիլ ազատ եւ անկախ հայրենի հողին վրայ: Ու այս նուիրական նպատակի իրագործման համար, ան դիմած է ամենատարբեր միջոցներու եւ միշտ բարձրացնելով ազատագրական պայքարի դրօշը:

Իսկ այսօր, դարձեալ ազգովին եւ հպարտանքով այս անգամ կը նշենք մեր երկրի բաղձալի անկախութեան 29-րդ տարեդարձը: Ու պատիւ իրեն, մեր ժողովուրդը 20-րդ դարու վերջին քառորդին, իր երկրի այս նոր անկախութեան հաստատումէն ետք, բազմաթիւ ձեռբերումներ ունեցած է:

Բայց միւս կողմէ նաեւ պէտք է աւելցնել, որ յաճախ ներքին եւ արտաքին հարցեր, զինք խեղդելու աստիճանին հասցուցած են: Բայց հակառակ այս բոլորին, հակառակ ամէնէն յուսահատ պահուն, հայը չէ կորսնցուցած պայքարելու եւ արարելու իր ոգին, իր լաւատեսու-թիւնը, վաղուայ փայլուն ապագայի իր յոյսը:

Հայոց պատմութեան ամենանշանակալի էջերէն մեկը՝ մեր անկախութեան ձեռքբերումն է, Երրորդ հանրապետութեան ծնունդը, որ անսակարկելի արժէք է:

Այսօր, մեր բոլորին հայրենիք Հայաստանը՝ իբրեւ անկախ պետութիւն, հպարտ եւ օրինակելի ներկայութիւն մըն է աշխարհի քարտէսին վրայ, իր երիտասարդ եւ հզօր բանակով եւ իր պատմական եռագոյն դրօշով:

Չմոռնանք սակայն, որ ներկայ Հայաստանի հանրապետութեան կերտման իր անգնահատաելի ներդրումը ունեցած է նաեւ աշխարհացրիւ հայն ալ:

Մէկ խօսքով, հայ սփիւռքն ու կամ սփիւռքները, որոնց դերակատարութիւնը միշտ մեծապէս ողջունելի է ու պատմական: Երախտապարտ աշխատանք եւ անուրանալի նուիրում:

Այս բոլորը անոր համար, որովհետեւ հայուն համար անկախութիւնը երազանք է, իսկ երազանքը միշտ կը փայփայուի:

Այսպէս ժառանգած են իր նախորդ սերունդները՝ Հայկէն մինչեւ Վարդան Մամիկոնեան ու անկէ՝ Դրօ, զօր. Սիլիկեան եւ ուրիշներ:

Արդեօք կա՞յ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան երկրիդ ազատութիւնը:

Արդ, ազատութեան ներկայ ճանապարհին բնականաբար մեզի կը սպասեն նոր փորձու-թիւններ: Մեզի կ’իյնայ մեր այս անկախութիւնը պահպանել առողջ դատողութեամբ:

Այսօր հայրենի մեր ժողովուրդին առջեւ բազմաթիւ դժուարութիւններ կան: Պիտի ըլլան: Ձեռնոցը նետուած է, ինչպէս որ կ’ըսեն: Պէտք չէ նահանջել:

Պատմութենէն գիտենք, որ ճակատագրի բերումով Հայաստանը շատ յաճախ զրկուած եղած է իր անկախութենէն: Դարերով մնացած է օտարի լուծին տակ: Ուստի պարտաւոր ենք բոլորս ալ գիտակցիլ ներկայ անկախութեան արժէքին:

Կը հաւատամ, որ համախմբուած ճիգերով կարելի է  լուծել մեր բոլոր հարցերը եւ ապրիլ ապահով ու բարեկեցիկ՝ հայրենիքին մէջ:

Մի մոռնաք- Հայրենիքը յաւերժական արժէք է, իսկ անկախութիւնը՝ անոր պահող ոգին:

Հայրենիքը միշտ ալ կարելի է հեռուէն սիրել, բայց իւրաքանչիւրս պարտաւոր ենք հայրենիքը երկիր դարձնել:

20-րդ դարավերջին հայոց պետականութեան վերադարձը մեզի համար պէտք է ըլլայ աշխարհին ապացուցելու, որ երկրաշարժէն ետք հայու փլատակներու վրայ մենք   ծաղկաստան ստեղծեցինք: Ուստի մեզի կ’իյնայ պահպանել ու ծաղկեցնել մեր երկիրը, մեր լեզուն, մեր անկախութիւնը:

Զգա՛նք, գիտակցի՛նք ու գուրգուրա՛նք անկախութիւն ծնող մեր ժողովուրդին՝ անոր ներշնչելով միայն իր հայրենի հողին վրայ ապրելու պահանջատիրոջ իրաւունքը:

Հերոսական յաղթանակը արժանավայել կերպով պահել պէտք է:

Անկախութեան տօնի առթիւ՝ մաղթանքս է, որ մեր ժողովուրդը հայրենասիրութիւնը սոսկ որպէս բառ չարտասանէ, այլ դարձնէ հոգեբանութիւն: Ապրելակերպ:

Մենք դեռ պարտք ունենք Եռաբլուրի մէջ հանգչող տղաներու անմահ հոգիներուն առջեւ: Ապրի՛նք եւ գործենք այն հոգեբանութեամբ, որ անկախ Հայաստանը դեռ շատ երիտասարդ է, եւ ամէն հայ անոր կողքին մնալու պարտաւորութիւնը ունի:

Միշտ եւ անսակարկ տանք հայրենիքին, քան՝ վերցնենք:

Թող, մեր ժողովուրդը, ղեկավարն ու պարզ քաղաքացին, իր հարազատ հողին վրայ ինքզինք գերազանցելով, մեր  պետականութիւնը ազգային առաքելութեան խորհուրդներով առաջնորդէ:

Մինչ այդ՝ անկախութիւնդ շնորհաւոր, մեր բոլորին սիրելի ու միակ հայրենիք՝ Հայաստան: