Պէյրութը Թուրքերուն Համար Չէ՛… * Տոքթ. Պետրոս Աֆէեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Օգոստոս 24, 2020

Պէյրութը յափշտակման առարկայ չէ՛, ո՛չ իսկ հիւսիսէն արշաւող  խեչափառներուն կամ ծովային հրէշներուն համար:

Պէյրութը Օսմանեան չէ՛: Ո՛չ ալ ինքնազօր խաղալիք մը, որը իր դրացիներուն կողմէ լարուած՝ արեւին տակ այրող ու ճչացող երախաներուն հանդէպ կատարուած ոճիրը իբր զուարճութիւն կը ներկայացնէ ուրիշներուն:

Պէյրութը սուրիացիներուն համար չէ՛, ո՛չ ալ քիւրտերուն: Ան իր հարաւի բարեկամ-դրացիներուն հրասայլերուն եւ ռատիոկայանի հաղորդումներ լռեցնող հրթիռներուն համար չէ՛: Ոչ ալ թուղթի կտոր մը՝  Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ յետոյքները սրփող: Անոնք սրճարաններու մէջ իրենց քաղաքավարի  վերաբերմունքով, նստած կը լրտեսեն մեծ Ռուս Արջին եւ անոր քաուպօյ  ընկերներուն վրայ:

Պէյրութը ծանօթ էր  կախարդութեան: Իւրացուցած էր հոտառութիւնը: Եւ պարիկներու պորտախաղով կը պատրաստէր աստուածներու խնճոյքին հոլանի սփռումը: Պէյրութը ծանօթ էր իր բազմալեզու խմբերգային համերգներով՝ տրուած ծովեզերքներու եւ կանաչ, սպիտակ եւ կարմրագոյն  լեռներու վրայ, նախանձ ստեղծելով օտար եւ սոսկալի, անգութ, չարամիտ եւ ատելութեամբ լեցուն ներխուժողներուն մէջ:

Պէյրութը կ’արիւնի իր հանդէպ չարութիւն ցանկացողներուն սնանկութեան  պատճառով: Կ’արիւնի Ծոցին, ծովուն եւ օդին պատճառով: Բայց եւ այնպէս, 18 խոստովանութիւններ միասնաբար եւ հազուագիւտ կեցուածքով, դարձեալ պիտի երգեն միաձայն ու անվախ.

Պէյրութի շերտաւորման ու անդամահատման իրաւունքը Թուրքիոյ չի՛ պատկանիր՝ Պէյրութը հեռու պահելու Իրանէն, Թեհրանէն ու դժոխքէն…:

*Լոյս տեսած է “Armenian Interests” առցանց շաբաթաթերթին Օգոստոս 23, 2020-ի համարին մէջ:

Անգլերէնէ թարգմանեց՝ Յարութիւն Մըսրլեան

«Հայրենիք»