Արցախի Նախագահը Առաջարկած է Արթուր Մկրտչեանին Յետմահու Շնորհել Արցախի Հերոսի Կոչում

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին յետմահու շնորհել Արցախի հերոսի բարձրագոյն կոչում: Այս մասին նախագահը գրած է Facebook-ի իր պաշտօնական էջին մէջ:

«Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահին առընթեր պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու շնորհման հարցերու քննարկման խորհրդակցական յանձնաժողովի քննարկման ներկայացուցած եմ ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն պետական կոչում (Արցախի հերոս) շնորհելու հարցը»,- գրած է նախագահը:

Ան նշած է, որ Արթուր Մկրտչեանի՝ Հայրենիքին մատուցած բացառիկ ծառայութեան եւ ձգած աւանդին մասին առիթ ունեցած է խօսելու Ապրիլ 14-ին՝ քուէարկութեան երթալէ առաջ:

«Կը կարծեմ՝ մեր երիտասարդ պետականութեան կերտման գործին մէջ անոր կատարած աշխատանքը արժանի է ամենաբարձր գնահատականի եւ սերունդներու համար դաստիարակութեան լաւ օրինակ կրնայ ծառայել»,- ընդգծած է Յարութիւնեան: