Աշխարհ Կրաւորական Հանդիսատես Համաթրքականութեան Նոր Արշաւանքին. Մարք Յարութիւնեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թուրքիոյ նախագահ Էրողան աշխարհի կրաւորականութենէն քաջալերուած համաթրքականութեան հին-նոր մեծ երազը կը հետապնդէ: Իրմէ առաջ Սուլէյման Տեմիրէլ արդէն ըսած էր, որ Թուրքիան կը տարածուի Ատրիականէն մինչեւ Չինաստան. համաթրքականութեան առանցքային միտքը: Շահախնդրուած եւ հոգեբանական կուրութիւնը անբուժելի ախտ է: Օրին ըսուածը երբ չենք լսեր, չլսուածը մոռնալու կարիք չ’ըլլար, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, մեր հանգիստը կը կարծենք չխռովել:

            Երբ համայն աշխարհ դարման կը փնտռէ պսակաձեւ ժահրի  դէմ պայքարելու համար, երբ միլիոնաւոր վարակուածներ եւ հարիւրհազարաւոր մեռեալներ կան, Թուրքիոյ նախագահը կ’առաջնորդուի խելացնոր յարձկապաշտութեամբ: Աշխարհ բաւարար պարկեշտութիւն, հեռատեսական վերաբերում եւ քաղաքականութիւն չունեցաւ Էրտողանի կրօնական մոլեռանդութեան եւ բռնագրաւողական կիրքին հակադրուելու համար: Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական բիւզանդական տաճարի մզկիթի վերածումը դիտուեցաւ որպէս ի միջի այլոց դէպք: Էրտողան  կրնար մեծ եւ տպաւորիչ մզկիթ կառուցել, ինչպէս այդ ըրաւ իր մեծամոլական կիրքը յագեցնելու համար իր նոր նախագահական ապարանքով, փոխանակ քրիստոնէական տաճարը մզկիթի վերածելու:

            Այդ ընելով աշխարհի կրաւորականութեան ասպարէզ կարդաց:

            Աշխարհ իր աչքի կապանքները հանելով, պէտք է տեսնէ, որ Սուրբ Սոֆիա  տաճարը մզկիթ դարձնելով, Ռեչէփ Էրտողան ոչ թէ կ’ուզէ իսլամութեան կրօնական ծառայութիւն մատուցել, այլ կը հետապնդէ իւրացման, գրաւման եւ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւն: Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարի մզկիթի վերածումը, բացորոշ նախայարձակում է (agression), ի հարկէ քրիստոնեայ ուղղափառ Յունաստանի դէմ, ակնկալելով պատճառ-պատրուակ ծառայելու կոչուած քաղաքական-զինուորական նախաձեռութիւն մը անոր կողմէ, որպէսզի նոր նախայարձակաումով մը գրաւէ իր ծովափին մօտ գտնուող յունական կղզիները: Այս բացորոշ նախայարձակումը ուղղուած է նաեւ ուղղափառ Ռուսիոյ դէմ, որ միշտ դաւանած է ըլլալ Բիւզանդիոնի շարունակութիւնը:

            Բայց կարծէք Թուրքիա ապահոված է Ռուսիոյ հանդուրժողութիւնը իր աստիճանական Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն հեռացման առթած գոհունակութեամբ: Մինչեւ ե՞րբ: Միայն անմիջականութիւն չէ քաղաքականութիւնը: Ռուսիա չի կրնար անտարբեր մնալ Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան հադէպ: Իրեն համար անընդունելի պիտի ըլլայ իր սահմանին վրայ ծնունդը նոր օսմանականութեան, որ չի թաքցներ իր փառասիրութիւնները: Ատրիականէն Չինաստան ձգուող տարածութեան մէջ կան Ռուսիան, անոր ազդեցութեան եւ ապահովութեան գօտիները: Ռեչէփ Էրտողանի ծաւալապաշտութիւնը ուղղակի սպառնալիք է ռուսական սահմաններուն վրայ:

            Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումները այսօր կ’ընդգրկեն Միջին Արեւելքը եւ Արեւելեան Միջերկրականը, ուր մեծ ուժեր շահեր ունին: Յոռեգոյնը կրնայ պատահիլ եւ պատերազմ մը բռնկիլ, որուն անունը կրնայ երրորդ համաշխարհային ըլլալ, բայց այս անգամ նախկիններէն անհահամետալիօրէն տարբեր տարողութեամբ: Ան կրնայ նաեւ ըլլալ վերջին պատերազմը:

            Ռեչէփ Էրտողան ժամանակաշրջանի շփոթ կ’ապրի, տարուած իր զոյգ յաճախանքներէն. մեծամտական եւ ծաւալապաշտական: Կը խորհի հաւանօրէն, որ ի վերուստ առաքելութիւն տրուած է իրեն վերականգնելու օսմանական կայսրութիւնը եւ լրացնելու անոր ընդարձակումը: Այս մտասեւեռումը զինք կը մղէ ռազմապաշտ յայտարարութիւններ ընելու: Երէկ կարելի էր խորհիլ, որ անոնք միայն ներքին սպառման համար էին, հետեւաբար տարբեր երկիրներ եւ անոնց ղեկավարները չէին մտահոգուեր: Այսօր Թուրքիոյ ռազմապաշտ, ծաւալապաշտ, կրօնամոլեռանդական յայտարարութիւնները եւ նախաձեռնութիւնները մտահոգիչ դարձած են:

            Այս կացութիւնը Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ ծնունդ տուած է խիստ մեծ լարուածութեան, որ չի գոհանար ընթացիկ յայտարարութիւններով եւ դիւանագիտական ճապկումներով: Ֆրանսա արեւելեան Միջերկրական ղրկած է մարտանաւեր եւ Ռաֆալ ռազմական օդանաւեր, ընդդիմանալու համար յունական սահմաններու եւ ծովային տարածքներու դէմ նախայարձակման մը:

            Ի՞նչ կ’ըսեն համակարգուած իրադարձութիւնները:

            Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարը կրկին մզկիթ դարձնելով, Էրտողան բացորոշ կերպով կը դրսեւորէ Թուրքիան Իսլամական Պետութիւն դարձնելու իր միտումը, հակադրուելով Արեւմտեան երկիրներուն եւ անոնց քաղաքական-քաղաքակրթական ըմբռնումներուն:

            Քաջալերուած Արեւմտեաններու այլ ձեւով չբացատրուող կրաւորականութենէն, Թուրքիա ծովուն յատակը նաւթի եւ կազի աղբիւրներ որոնող նաւ մը ղրկած է Եգէականի հարաւ-արեւելքը, մարտանաւերու ընկերակցութեամբ: Ըստ նախատեսութիւններու, Միջերկրականի այդ շրջանին մէջ կան ուժանիւթի կարեւոր աղբիւրներ: Յունական նաւատորմը եւս հոն է, հետեւելու համար շրջանին մէջ թրքական շարժումներուն:

            Անակնկալներով յղի այս պայթուցիկ կացութեան դիմաց, Ֆրանսա հոն ղրկած է երկու մարտանաւ եւ Ռաֆալ ռազմական գերարդիական օդանաւեր, նպատակ ունենալով միջազգային իրաւունքի յարգումը, ինչպէս յայտարարուած է:

            Անպատժելիութեան վարժուած Թուրքիա չի վարանիր Ատլանտեան Ուխտի իր դաշնակից ( ՞ ՞ ՞) Յունաստանի նկատմամբ ռազմական քայլերու դիմելու: Գաղտնիք չէ. մարտանաւ մը ղրկած յունական Քասթելլորիզօ կղզիին մօտերը: Ընդծովիաներ կան շրջանին մէջ: Բնական կազով հարուստ յունական շրջանին մէջ ներկայ է թրքական երկրաշարժային ուսումնասիրութեան նաւ մը, ընկերակացութեամբ մարտանաւերու:

            Թուրքիա կը հետապնդէ հին-նոր երազ մը. վերականգնել իր գերիշխանութիւնը իր հողամասին մօտ գտնուող կղզիներուն վրայ:

            Ռեչէփ Էրտողան, ընդառաջ կ’երթայ երկրին մէջ միշտ վառ օսմանեան հզօրութեան առասպելին, իր քաղաքականութիւնը կը հետապնդէ կրօնական համատարած անզիջողութիւնը վերածելով հասարակ յայտարարի: Տասնամեակներ հետապնդելէ ետք Եւրոմիութեան մաս կազմելու փորձերը, ստանալէ ետք վերջինի կողմէ յատկացուած մեծ գումարները, անոր դռները փակ գտնելով, այսօր Թուրքիա հանդէս կու գայ հակաեւրոպական քաղաքականութեամբ, հրապարակ նետելով գրգռիչ այն միտքը, որ քրիստոնեայ Եւրոպան հակա-իսլամ է, իսլամատեաց է:

            Եւրոպան կը հաւատար, որ Թուրքիան վստահելի դաշնակից եւ գործընկեր էր, եւ կը խորհէր որ ան կրնար անդամ դառնալ Եւրոմիութեան, հակառակ անոր, որ ան բռնագրաւած էր ՄԱԿի եւ Եւրոմիութեան անդամ Կիպրոսի կէսը: Այսօր ոստում մըն ալ կատարելով իր հողամասին մօտ գտնուող յունական կղզիներուն կ’ուզէ տիրանալ:

            Եւրոպան, եւ ընդհանրապէս աշխարհ խաբուած է, որ Թուրքիան կրնայ դառնալ իրապէս իրաւական պետութիւն, յարգելով մարդկային իրաւունքները, ընդունիլ այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը:

            Պէտք է լսել երկրէն փախած թուրք մտաւորականութիւնը:

            Սուրիոյ պատերազմը ի յայտ բերաւ, որ ձեւական կերպով գործակցելով միջազգային ուժերուն ընդդէմ կրօնական ծայրայեղականութեան, ՏԱՀԷՇի, Թուրքիան ահաբեկչական շարժումներուն կ’օգնէր, եւ Եւրոպայի մէջ՝ նոյնիսկ ազգայնամոլ «Գորշ Գայլեր»ուն: Ան Սուրիոյ մէջ կը միջամտէ իր բանակով, ոչ թէ բնակչութիւն պաշտպանելու կամ խաղաղութիւն բերելու համար այդ երկրին, այլ հաշուեյարդարի ենթարկելու համար քրտական ազատագրական շարժումը: Հեռու չէ այն օրը, երբ ուզէ իւրացնել Սուրիոյ հիւսիսը, ուր տեղեկայած է իր բանակը: Հետեւելով իր կայսերական փառասիրութիւններուն, կը միջամտէ Լիպիոյ մէջ, ուր կը ղրկէ զէնք եւ զինամթերք, ուժանիւթի աղբիւրները հակակշռելու կամ անոնց տիրանալու ցանկութեամբ:

            Թուրքիոյ դատարանը անսաց Էրտողանի պահանջին, ջնջեց 1934ի Մուսթաֆա Քեմալի հրամանագիրը, որպէսզի կարենայ, սուլթան Մեհմետ Ֆէթիհի հետքերով, Իւնեսքոյի կողմէ համամարդկային ժառանգութիւն ճանչցուած Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարը կրկին մզկիթի վերածել, բաւարարութիւն տալու համար ամբոխային կրօնական մոլեռանդութեան:

            Թուրքիոյ կայսերական յարձակապաշտութեան եւ ծաւալապաշտութեան պատճառը Արեւմուտքն է, որ անկարող եւ անհեռատես եղաւ յարգելու եւ յարգել տալու 10 օգոստոս 1920ի Սեւրի իր ստորագրած դաշնագիրը, զոր ստորագրած էր նաեւ սուլթանի պատուիրակը: Այսօր հրամայական պահանջ է վերադարձը Սեւրի դաշնագրի պայմաններուն, սահման դնելու համար նոր օսմանականութեան, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ համաթրքականութիւն (panturquisme), որ սպառնալիք է խաղաղութեան, Եւրոպայի, եւ նաեւ, շեշտուած կերպով Ռուսիոյ:

            Բոլոր անոնք որոնք կը խորհին զիջումներով առաջքը առնել միջազգային քաղաքական հորիզոնին վրայ պարզուող պատերազմի սպառնալիքին, թող յիշեն Երկրորդ Համաշխարհայինի նախօրեակին Անգլիոյ վարչապետ Նեւիլ Չըմպրլէյնի անպատիւ զիջումները, Հիթլերի տիքթաթներուն դիմաց, պատերազմէն խուսափելու եւ խաղաղութիւնը փրկելու: Եւ յիշել Ուինսթըն Չըրչիլի խօսքը, որ ո՛չ պատիւը եւ ո՛չ ալ խաղաղութիւնը փրկուեցան, փոխարէն եղաւ պատերազմ:

            Այսօր ալ, Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս քաղաքակիրթ աշխարհի բարոյականը նժարի վրայ է: Եթէ Թուրքիա յաջողի նոյնիսկ ամենափոքր յունական կղզի մը անարգել գրաւել, կը բարոյազրկուին ե՛ւ Եւրոմիութիւնը, ե՛ւ ՄԱԿը, ե՛ւ ազգերու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանները:

            Ամէն օր քիչ մը աւելի յարձակապաշտ եւ կայսերական (imperialiste) դարձող Թուրքիոյ նկրտումներուն առաջքը այսօ՛ր պէտք է առնել:

            Ֆրանսան առաջին քայլերը առած է: Պէտք է յուսալ, որ Եւրոմիութեան անդամները, Միացեալ Նահանգները եւ օրէնքի գերակայութեան հաւատացող երկիրները ձեռնածալ չեն մնար: Այսօր թիրախը յունական կղզիներն են: Ի՞նչ կրնայ վերապահել Նոր Օսմանականութիւնը աշխարհին:

            Կ’ըսեն, որ քաղաքականութիւնը նախատեսելու արուեստն է, ո՛չ թնդանօթի եւ ո՛չ ալ զբօսի առեւտուրը…

            Կը կազմուի՞ միացեալ եւ անխարդախ ճակատ մը խաղաղութեան եւ իրաւունքի համար, հաստատելու համար օրէնքի գերակայութիւնը, ի վերջոյ արդարութիւն ընելու համար ճնշուածներուն, հալածուածներուն, հայրենահանուածներուն եւ անիրաւուածներուն:

Եթէ համաշխարհային պատերազմ մը բռնկի, պատմութեան առջեւ նոյնքան պատասխանատու պիտի ըլլան նախայարձակները եւ անոնք որոնք մսկոտութեամբ չկանխեցին աղէտը: Այդպէս պիտի դատէ պատմութիւնը:

            Թուրքիոյ կողմէ բոլոր անիրաւուածները մէկ ճակատ կազմելով, միջազգային հանրային կարծիք եւ պետութիւնները պարտին զգաստութեան հրաւիրել:

            Աղէտէն ետք պատճառներ փնտռել հիւանդագին շատախօսութիւն պիտի ըլլայ: