Լիբանանահայերուն Օգնելու Համար Հայաստան Հիմնադրամը Հաւաքած Է Առաւել Քան 195 Հազար Տոլար

Հայաստան, Սփիւռք

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումէն տուժած լիբանանահայերուն օգնելու համար, “Հայաստան” Համահայկական հիմնադրամը հանգանակած է արաւել քան 195 հազար տոլար։ Այս մասին առցանց քննարկման ընթացքին յայտարարեց հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:

«Պայթումէն օրեր անց հիմնադրամին մէջ ստեղծուեցաւ հաշուեհամար, ուր արդէն 195 հազար տոլարից աւելի գումար ունինք հաւաքուած: Հայաստանի մէջ տարբեր գործարարներ եւ դրամատնային համակարգը սատար կանգնեցան մեզի եւ գումարներ փոխանցեցին հիմնադրամի հաշուեհամարներուն»,- դիտել տուաւ Արշամեան:

Ան նշեց, որ այժմ քննարկումներ կը կատարուին, որպէսզի յստակացուին Լիբանանի հայ համայնքին կարիքները:

«Գուցէ, կրթական ոլորտին փորձենք ուղղել մեր գումարները, բայց վերջնական եզրակացութեան պիտի գանք քանի մը օրուան ընթացքին», նշեց Արշամեան:

Ան նաեւ խոստացաւ օգնել այն լիբանանահայերուն, որոնք Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատելու փափաք ունին: «Եթէ Լիբանանում բնակուող մեր հայրենակիցներէն որեւէ մէկը կը ցայկայ բնակութիւն հաստատել Արցախի մէջ, ես անձամբ այդ հարցը կը լուծեմ»,- նշեց Արշամեան:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յիշեցուց, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած էր, որ Լիբանանէն Արցախ տեղափոխելու փափաք յայտնողները բոլոր պայմաններով ապահովելու պատրաստակամութիւն կայ: