Բ.- Տեղեկագիր` Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Պուրճ Համուտի Հայահոծ Թաղերու Պարզած Պատկերին Վերաբերեալ

Սփիւռք

«Սարդարապատ» Կոմիտէութեան Շրջան

4 Oգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին հետեւանքով, Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ծիրին մէջ գտնուող թաղամասերը ենթարկուեցան ամէնէն ծանր վնասներուն: Վնասներուն մեծագոյնը արձանագրուեցաւ «Արաքս», «Արմենիա», «Աբրահամ Աշճեան», «Մարաշ» պողոտաներուն եւ շրջանի փողոցներուն մէջ:  «Կիլիկիա» թաղամասը համեմատաբար աւելի թեթեւ վնասներ կրեց: Այս շրջաններուն մէջ արձանագրուած են մօտաւորապէս 125 վիրաւորներ, որոնց մէկ մասը շուկայի անցորդներ եւ խանութպաններ են` տրուած ըլլալով, որ տակաւին աղէտի պահուն շուկաները բաց էին եւ փողոցներուն մէջ եռուզեռ կար: Կան 12 ծանր վնասուածքներ ստացած վիրաւորներ: Այս շրջանին մէջ կան տուներ, որոնց պատշգամները եւ ներքին պատերը փուլ եկած են, իսկ մնացեալներուն պարագային վնասուած են պատուհաններ եւ դռներ, ինչպէս նաեւ տնային պիտոյքներ: Նախնական գնահատումով, հայութեան բնակարաններուն 75 առ հարիւրը վնասուած է, իսկ վաճառատուներուն` 80 առ հարիւրը:


Աղէտէն անմիջապէս ետք դաշնակցական եւ համակիր կամաւոր երիտասարդներ վիրաւորները փոխադրեցին «Սարդարապատ» ակումբ, ուր կոմիտէին նախաձեռնութեամբ շտապ օգնութեան կամաւորներ «Սարդարապատ» սրահին մէջ նախնական բուժումներ կատարեցին, մինչեւ ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնին բացուիլը, եւ արդէն վիրաւորներուն մեծ մասը այնուհետեւ իրենց բուժումը ստացան ԼՕԽ-ի կեդրոնին մէջ, ուր փութացած էին մեծ թիւով հայ բժիշկներ: Կոմիտէն այս փուլին կը կատարէ վնասներու նախնական ցանկագրում մը` վերաշինութեան ու վերականգնումի յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն պատրաստ ըլլալու համար: Կը համագործակցի բարեսիրական հայ եւ օտար միութիւններու հետ` ուտեստեղէն եւ այլ անհրաժեշտ իրերու բաշխումի աշխատանքին համար,  ինչպէս նաեւ կ՛ուղղորդէ կարգ մը ձեռնհաս անհատներու օժանդակութեանց աշխատանքը եւ կ՛օժանդակէ կարիքաւոր ընտանիքներու խիստ կենսական պէտքերուն:

Թիրոյի «Ռուբէն» Կոմիտէութեան Շրջան

Հայութեան բնակարաններուն 75 առ հարիւրը վնասուած է, իսկ վաճառատուներուն` 80 առ հարիւրը, քանի մը տուներ ալ ունին ծանր վնասուածքներ: Արձանագրուած են 4 ծանր եւ 35 թեթեւ վիրաւորներ: Կոմիտէն այժմ լծուած է վնասներու գնահատման աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Արագածի «Դրօ» Կոմիտէութեան Շրջան

Բնակարաններուն 80 առ հարիւրը վնասուած է, կան 3 բնակարաններ, որոնց պատշգամները եւ ներքին պատերը քանդուած են: Շրջանը ունի 1 ծանր եւ 10 թեթեւ վիրաւորներ: Կոմիտէն կը շարունակէ իր մարդասիրական օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ վնասներու գնահատումի աշխատանքը` այցելելով հայ ընտանիքներուն:

Սիսի «Իշխան» Կոմիտէութեան Շրջան

Բնակարաններուն 35 առ հարիւրը, իսկ վաճառատուներուն 50 առ հարիւրը վնասուած է: Արձանագրուած են 2 ծանր եւ 6 թեթեւ վիրաւորներ: Կան 3 բնակարաններ, որոնք ամբողջութեամբ քանդուած են: Կոմիտէն մարդասիրական օժանդակութիւնները եւ վնասներու գնահատումը կը շարունակէ:

Թրատի Եւ Ժողովրդային Շէնքերու «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէութեան Շրջան

Բնակարաններուն 25 առ հարիւրը եւ վաճառատուներուն 25 առ հարիւրը վնասուածքներ ունին, սակայն այս շրջանի պարագային վնասը համեմատաբար աւելի նուազ է: Արձանագրուած են քանի մը թեթեւ վիրաւորներ: Կոմիտէն կ՛ամբողջացնէ վնասներու գնահատումի աշխատանքը:

Ամանոսի «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէութեան Շրջան

Արձանագրուած է 2 վիրաւոր: Տուներուն 20 առ հարիւրը, իսկ վաճառատուներու 10 առ հարիւրը վնասուած են, բայց ոչ մեծ տարողութեամբ: Շրջանը ունի 2 թեթեւ վիրաւոր: Կոմիտէն կը կատարէ վնասներու գնահատումի աշխատանք:

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Նախաձեռնութիւնները Եւ Աշխատանքները

Աղէտէն 1 ժամ ետք արդէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետը զօրաշարժի մէջ դրաւ ոստիկանութիւնը եւ քաղաքապետութեան աշխատանքային խումբերը, որոնք 24 ժամեայ դրութեամբ աշխատեցան մաքրել ճամբաները եւ կատարել աւերի վերացումը: Այս աշխատանքին միացան ՀՄԸՄ-ի, ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի երիտասարդներ,  ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, այլ շրջաններու քաղաքապետութիւններ,  ինչպէս նաեւ հայահոծ այլ շրջաններէ մեծ թիւով հայ կամաւորներ: Այս աշխատանքը ստացաւ համաժողովրդային մեծ տարողութիւն, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ մաքրութեան նախնական գործը աւարտել:

Քաղաքապետութիւնը կը համակարգէ ու կը համագործակցի միջազգային եւ տեղական բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք աղէտէն ետք սննդամթերք եւ այլ անհրաժեշտ պէտքեր կը տրամադրեն ժողովուրդին: Քաղաքապետութիւնը կ՛օժանդակէ եւ կը դիւրացնէ ՄԱԿ-ի եւ տեղական թէ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն մասնագիտական խումբերուն աշխատանքը: Անոնք առաջին փուլով կը կատարեն ծանր վնասուածքներ ստացած շէնքերու ուսումնասիրութիւնը եւ արժեւորման աշխատանքը: Այս աշխատանքը կը կատարուի ստուգելու համար շինարարական կառոյցի ապահովութիւնը:

Աղէտէն մէկ շաբաթ ետք արդէն Պուրճ Համուտի մէջ կեանքը համեմատաբար բնականոն հունի մէջ մտած է, սակայն հայութեան այս կեդրոնական օրրանին վերականգնումը համայն հայութեան առաջնահերթ խնդիրն է այս փուլին:  Պուրճ Համուտը լոկ հայկական տարածք չէ, այլ հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ իր մեծ դրոշմը դրած շրջան եւ ժողովուրդ, որուն գոյերթի շարունակականութեան երաշխաւորումը կը հաւատանք, որ անպայման պիտի կատարուի համահայկական ճիգով ու աշխատանքով:

ԾԱՆՕԹ.- Պուրճ Համուտի ազգային, եկեղեցական, կուսակցական, միութենական եւ կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու իրավիճակին կ՛անդրադառնանք առանձին տեղեկագիրով:

ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ