Յարգանքի Տուրք՝ Փարիզի Խաղաղութեան Համաժողովին Հայաստանի Պատուիրակութեան Ղեկավար Ա. Ահարոնեանի Յիշատակին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիւանագէտները յարգանքի տուրք մատուցեցին Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար, գրող Աւետիս Ահարոնեանի յիշատակին, որ 100 տարի առաջ այս օրը՝ 1920 թուականի Օգոստոս 10-ին, Փարիզի Սեւր արուարձանին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան անունով ստորագրած է Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրը։

Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան Facebook-ի էջէն։