Լիբանանի Կառավարութիւնը Հրաժարական Տուաւ

Աշխարհ

Լիբանանի կառավարութիւնը ամբողջ կազմով հրաժարական տուած է՝ Օգոստոս 4-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով։ Այս մասին, ըստ Al Jazeera-ի, հեռատեսիլային ուղերձի ընթացքին յայտնած է երկրի վարչապետ Հասան Տիապ։

«Մեր կառավարութեան բոլոր նախարարները՝
իրենց ուժերուն ներածին չափով՝ ամէն ինչ ըրած են ժողովուրդին եւ անոր ապագային համար։ Նախարարներէն ոչ մէկը՝ գործունէութեան ընթացքին՝ անձնական շահ չէ ունեցած։ Մեր հիմնական նպատակը եղած է երկիրը փրկելը, բայց այդ ընթացքին մեզի շատ մեղադրած են տարբեր հարցերու շուրջ։ Կը կարծեմ մարդիկ պէտք է դադրէին մեզի մեղադրելէ, որպէսզի մենք կարենայինք ուղղել մեր սխալները»,- ըսած է Տիապ։

Կառավարութեան այսօրուան նիստին՝ Լիբանանի վարչապետը յայտարարած էր իր հրաժարականին եւ խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կազմակերպելու մտադրութեան մասին։