Ո՞ւր Մնաց Միասնական Գրականութեան Գաղափարը

Հայաստան

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 

Այս օրերու բուռն վէճերու մթնոլորտին կայ հայոց լեզուի եւ գրականութեան հանրակրթութեան եօթներորդէն-տասներկու երրորդ դասարաններուն նոր ծրագիրին մասին։ Զայն պատրաստողները թող ներեն տարակարծութիւններուս համար, սակայն այս ալ սփիւռքահայ գրողի եւ ուսուցիչի մը կարծիքը թող նկատեն, ձեւով մը ֆիտպէք, ինչպէս հոս յաճախ կը կոչենք:

Այսօրուան դրութեամբ որոշ առարկութիւններ նկատի առնուած են, եւ այսպէս Խորենացիէն սկսեալ մինչեւ Նարեկացին, Սայաթ Նովան ու Միջնադարու հայ գրականութիւնը վերստին մաս կը կազմեն նոր ծրագիրին, իսկ տասներորդէն տասներկրորդ տակաւին վերակազմաւորման հանգրուանէ կ՛անցնին, սակայն ընտրովի կամ լրացուցիչ նիւթերու ցանկը, որ տասը առ հարիւրը կը կազմէ ծրագիրին, արդէն յստակ է:
Ես այս մասին կը գրեմ ոչ միայն իբրեւ հայ բանաստեղծ ու հայ գրականութեամբ շահագրգռուած անձ, այլեւ իբրեւ աւելի քան երեսուն տարուան հայերէնի ու գրականութեան ուսուցիչ, որ իր մայրենին դասաւանդած է, հայերէնի ուսուցման ծրագիրով զբաղած է, նաեւ իբրեւ քաջածանօթ անձ այսօրուան մանկավարժական սկզբունքներուն ու մեթոտներուն, որովհետեւ շուրջ տասնամեակ մը առաջ, անսալով Գանատայի կրթական նախարարութեան պահանջներուն, մանկավարժութեան մագիստրոսի վկայականը ստացած եմ Մք-Կիլ համալսարանէն՝ կիրարական-մասնագիտական յատուկ ծրագիրի մը հետեւելով եւ այդ պատճառով, ծրագիրի սահմաններուն մէջ շաբաթը տասներկու ժամ անգլերէն դասաւանդած եմ նաեւ:

Նախ՝ պէտք է ըսել, որ դասագիրքերու պատրաստութիւնը գործն է գլխաւորաբար տուեալ դասարաններու ուսուցիչներուն, որոնք աւելի լաւ գիտեն աշակերտներու կարողականութիւնը, նիւթը փոխանցելու եւ զայն սիրելի դարձնելու եղանակը: Վերջին հաշուով մանկավարժ են եւ իրենց ներդրումն ու գրութիւններուն կիրարկելիութիւնը, տեսնուած խոչընդոտներուն մատնանշումը, նոյնիսկ՝ սրբագրումը իրենցմէ կախեալ է: Գրականութեան մասնագէտներ պէտք է մաս կազմեն աշխատանքին, սակայն առաջարկուած նիւթերուն մանկավարժական օգտակարութիւնը եւ ի՞նչ շրջագիծի մէջ ներկայացումը կախեալ է մանկավարժէն: Հոս չեմ ուզեր խօսիլ ներկայացման եւ նիւթերու բաժանման մեթոտի մասին, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կիրարկուածը բաւական տարբեր է այսօրուան գրականութիւն դասաւանդելու մօտեցումներէն: Ամէն պարագայի, ծրագիրը բռնաշապիկ մը չէ, որ կրնանք հագցնել աշակերտին. ծրագիր մը կը կազմուի աշակերտին պահանջներուն եւ տարիքային հասունութեան համաձայն:
Ինչ կը վերաբերի օտար գրականութեան ներառումին, հիմնական թէ լրացուցիչ ծրագիրին մէջ, միշտ ալ կարելի է նկատի ունենալ զայն, սակայն ոչ այս համեմատութեամբ: Կարելի է դասական հեղինակէ մը պատմուածք մը կամ վիպակ մը նկատի ունենալ, սակայն կարելի չէ տասը հատոր առաջարկել: Իսկ եթէ նորավէպ պիտի դասաւանդուի, պէտք չկայ Կի տը Մոփասան տալու աշակերտին, Զօհրապը եւ ծրագիրին մէջ անտեսուած Բաշալեանը հրաշալի նորավէպեր ունին:
Իմ հիմնական մտահոգութիւնը սփիւռքահայ, նոյնիսկ  արեւմտահայ գրականութեան հաշուոյն եղած անտեսումներն են: Ինչպէ՞ս կարելի է նկատի չունենալ մեր մեծագոյն արձակագիրներէն Յակոբ Օշականը: Աշակերտներս մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդային «Թիւրքմէնին աղջիկը» եւ հպարտ էին, որ Օշական այդ օրերուն իսկ ծանօթ էր ենթագիտակիցի ազդեցութեան ենթակային վրայ: Ո՞ւր մնաց միւս մեծ վիպագիրը՝ Զապէլ Եսայեանը: Նոյնիսկ Զարդարեանը, երբ «Զարնուած որսորդը»ին պէս հեքիաթը այսօրուան շրջագիծին մէջ կը դնենք, կը տեսնենք, որ ինչպէս կ’արձագանգէ մարդու եւ բնութեան փոխյարաբերութեան խնդիրներուն. այսօր Ամուլսարէն սկսեալ հանքերու կապուած որքան մտահոգիչ տագնապ կայ Հայաստանի մէջ: Զարդարեանի ըսածը ի՞նչ է, երբ մարդը կը վնասէ բնութեան՝ վերջաւորութեան ինք կը դառնայ զոհը իր իսկ ստեղծած կացութեան:

Ես ուրախ եմ երիտասարդ գրողներու ներառման, թէկուզ լրացուցիչ ընթերցումներու շարքին մէջ, տարբեր հարց, որ անոնց դասաւանդումը կախեալ պիտի ըլլայ ուսուցիչի ճաշակէն ու տրամադրութիւններէն: Սակայն դասագիրքերու կազմութեան մէջ ընդունուած սկզբունք մը կայ՝ իսկապէս կայացած գրողները նկատի կ՛առնուին, իսկ երբ այսքան մեծ շարք մը երիտասարդ գրողներու հոս ներառուած է, սակայն անտեսուած են Նիկողոս Սարաֆեանի, Որբունիի կամ Վահէ Օշականի պէս հեղինակութիւններ, որոնք իսկապէս նորութիւն բերած են հայ գրականութեան (չեմ ըսեր սփիւռքահայ գրականութեան, որովհետեւ տարբերութիւն չեմ դներ արեւելահայ կամ արեւմտահայ, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի մէջ ստեղծուած հայ գրականութեան միջեւ), իսկապէս խտրական վերաբերում կրնամ միայն տեսնել այստեղ: Առաւել, Գրիգոր Պըլտեանն ու Վեհանոյշ Թեքեանը ժամանակակիցներ չե՞ն, ինչո՞ւ վերջին տասնամեակներուն Սփիւռքի մէջ ստեղծուող գրականութիւնը կ՛անտեսուի: Եթէ դասագիրքերը կազմողները Սփիւռքի մէջ արտադրուող գրականութիւնը չեն ճանչնար, առնուազն կրնան աչք մը նետել Յարութիւն Քիւրքճեանի բարձրագոյն կարգերուն համար պատրաստուած երկու հատորներուն, թերեւս մատուցման ներկայ մեթոտներուն մասին ալ բան մը սորվին: Քրիստիան Բատիկեանի մէկ պատմուածքը զետեղելը ընտրովի նիւթերուն շարքին՝ այս բացը չի գոցեր:

Երբ նման անտեսումներ կը կատարուին, եւ ծրագիրը կը խճողուի օտար գրականութեամբ, բնական է որ այլեւս չկոչուի հայ գրականութիւն, այլ պարզապէս …գրականութիւն, այսինքն՝ հայերէնով մատուցուող գրականութիւն: Ի դէպ, Սփիւռքի վերաբերող բաժնին ու մեթոտի կապակցութեամբ՝ նախորդ ծրագիրն ալ ունէր նոյն թերացումները, նոյնիսկ հայաստանեան արդի բանաստեղծութեան վրայ այդքան ազդեցութիւն ձգած Սիամանթոն կարծես գոյութիւն չէր ունեցած: Եւ քանի որ դասագիրքերուն մէջ Սիամանթոն չկար՝ թերեւս աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած էր երիտասարդներու մօտ…