Ատրպէյճանի Յարձակողապաշտ Քայլերուն Հետաքննութիւնը Քոնկրեսին Յանձնելու Առաջարկ Ներկայացուեցաւ

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարութեան անդամ Էտըմ Շիֆ Ազգային հետախուզական ծառայութեան ղեկավարին ուղղուած եւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քայլերը հետաքննելու եւ արդիւնքը Քոնկրեսին յանձնելու պահանջը զետեղած է  Հետախուզութեան լիազօրութեան մասին օրէնքի նախագիծին մէջ:

Հոն երկրին հետախուզական ծառայութիւններէն կը պահանջուի յստակ գնահատական տալ հայ-ատրպէճանական սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, յուսալով վերջ տալ Պաքուի «յարձակիր, հերքէ եւ ապա կրկնէ» քաղաքականութեան:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց քոնկրեսականին այս քայլը՝ շեշտելով, որ Քոնկրեսը վստահելի աղբիւրներէ յստակ տեղեկութիւններ պէտք է ունենայ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Պաքուի յարձակումներուն մասին։

«Հետախուզութիւնը նաեւ պէտք է գնահատէ ուժի կիրառման նոր դէպքերը, ինչպէս նաեւ այլ ապակայունացնող գործողութիւններու հաւանականութիւնը», կ՛ըսուի Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու յանձնախումբին որոշումին մէջ: