Պատրաստ Ենք Վերադարձնելու Արցախի Գրաւեալ Տարածքները Ազրպէյճանէն. Արայիկ Յարութիւնեան

Հայաստան

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Օգոստոս 1-ին անդրադարձաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Արցախի մասին կատարած յայտարարութեան, որուն միջոցաւ ան  Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած էր «դուրս բերել զինուած ուժերը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն, քանի շատ ուշ չէ»:

«Մենք բազմաթիւն անգամներ յայտարարած ենք, որ ստեղծուած իրավիճակի մէջ Արցախի իշխանութեան ու ժողովուրդի հետ քաղաքական ու ռազմական շանթաժի հռետորաբանութիւնը յղի է անդառնալի հետեւանքներով եւ տարածաշրջանին մէջ պիտի յանգեցնէ մարդասիրական աղէտի: Արկածախնդրութիւնն ու ուժի սպառնալիքները մեզի համար կը շարունակեն մնալ անընդունելի գործելաոճ:

«Հակադարձելով մեր ժողովուրդի ու պետականութեան ֆիզիքական գոյութեան  նկատմամբ որեւէ սպառնալիքի, մէկ անգամ եւս կը հաստատեմ մեր հետեւեալ վճռականութիւնը. պաշտպանութեան բանակը, թիկունքին ունենալով հայ ժողովուրդի անվերապահ աջակցութիւնը, պատրաստ է ոչ միայն պաշտպանելու մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը, այլեւ, անհրաժեշտութեան պարագային, արժանի հակահարուած տալու հակառակորդին:

«Աւելին, մենք պատրաստ ենք վերադարձնել Արցախի Հանրապետութեան գրաւեալ տարածքները Ազրպէյճանէն: Մեր ժողովուրդի պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու եւ արարելու անձեռնմխելի իրաւունքը սակարկման ենթակայ չէ»,- շեշտեց նախագահ Յարութիւնեան՝ նշելով, որ ասիկա յաճախ տրուած պատասխան է, իսկ այս անգամ եւս արձագանգ՝ Ազրպէյճանի նախագահին անհիմն, անտրամաբանական, անհեռանկարային յայտարարութիւններուն ու խօսքերուն:

«Կասկածի տակ պէտք չէ դրուին մեր այն քայլերը, որոնց սկիզբը դրած ենք միասին 88-էն: Այն սահմանը, որ գծուած է մեր արեամբ, անհնար է փոփոխել: Փոփոխելու պարագային աւելի ընդարձակել մեր ոչ թէ անվտանգութեան տարածքը, այլ մեր հայրենիքը: Սա ոչ թէ ամբոխահաճ յայտարարութիւն է, այլ իրատեսական ծրագիր է»,- եզրափակեց ան: