Հակառակորդի Դիպուկահարի Կրակոցէն Պայմանագրային Զինծառայող Մը Զոհուած Է

Հայաստան

ՀՀ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին մէջ, Յուլիս 27-ին, ժամը 01.10-ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ դիպուկահար հրազենէ արձակուած կրակոցէն զոհուած է պայմանագրային զինծառայող Աշոտ Գէորգի Միքայէլեանը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Աշոտ Միքայէլեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: