Արցախի Ականազերծման Ծրագիրը Պիտի Շարունակուի․ 1lurer.am-ի Տեղեկատւութիւնը ԱՄՆ-էն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի ականազերծման ծրագիրը, որ նախապէս կասեցուած էր, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի այս շաբթուան որոշումով պիտի շարունակուի։

Լոպինկի գծով վճռական դերը կը պատկանի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին։

Տրամադրուելիք գումարը 1․4 միլիոն տոլար է։ Որոշումը, սակայն, դեռ պէտք է օրէնքի ուժ ստանայ Ծերակոյտին կողմէ։

Այս մասին՝ Միացեալ Նահանգներէն՝ կը պատմէ Հայկարամ Նահապետեան։

Մանրամասնութիւնները` 1lurer.am-ի տեսանիւթով: