Թուրքիան Կ՛ոտնահարէ Լոզանի Դաշնագիրը. Վահրամ Էմմիեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վահրամ Էմմիեան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դեկտեմբեր 2017¬ին յայտնեց, որ Լոզանի դաշնագիրի «կարգ մը մանրամասնութիւններ»¬ը «ոչ յստակ» են, ուստի եւ պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին: Քլոտ Սալհանի 22 մարտ 2020-ին «Արապ Ուիքլի» կայքին վրայ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կը նշէ, թէ Էրտողան թրքական պատկերասփիւռէն ցուցադրել տուած է քարտէսներ, որոնց մէջ Թուրքիոյ սահմանները ընդլայնուած էին ներառելով Յունաստանէն, Պուլկարիայէն, Հայաստանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն բաժիններ: Ուստի զարմանալի չէ, որ թրքական բանակը այսօր իրողապէս գրաւած է հիւսիսային Իրաքէն ու հիւսիսային Սուրիայէն հատուածներ եւ թրքական բանակի արկածախնդրական քայլերով իրերայաջորդ կերպով կ՛ոտնահարէ Յունաստանի գերիշխանութիւնը:

Էրտողան 26 դեկտեմբեր 2019¬ին յայտարարեց. «Լիպիան օսմանցիներուն եւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին կողմէ մեր հոգատարութեան կտակուած է», իսկ 9 յունուար 2020¬ին մէկ այլ յայտարարութեամբ մը ընդգծեց.«Թուրքիան պիտի շարունակէ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Միջերկրականի մէջ իր իրաւունքներն ու շահերը մինչեւ վերջ պաշտպանել»:

Այդ յայտարարութիւնները եւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ արարքները, սակայն, ուղղակիօրէն կը խախտեն Լոզանի դաշնագիրը, որուն 16¬րդ յօդուածին համաձայն, Թուրքիան կը հրաժարի բոլոր իրաւունքներէն ու իրաւասութիւններէն, որոնք դաշնագիրով ճշդուած իր սահմաններէն դուրս են: Դաշնագիրի 22-րդ յօդուածը իր կարգին կը նշէ, թէ Թուրքիան կը ճանչնայ 18 հոկտեմբեր 1912-ին կնքուած Լոզանի դաշնագիրին հիմամբ Լիպիոյ մէջ իր ունեցած բոլոր իրաւունքներուն ու առանձնաշնորհումներուն մնայուն չեղարկումը: Իսկ դաշնագիրին 27-րդ յօդուածը կ՛ընդգծէ, թէ թրքական կառավարութիւնը կամ իշխանութիւնները թրքական հողերէն դուրս որեւէ իշխանութիւն չունին քաղաքական, օրէնսդրական կամ վարչական հարցերու մէջ:

Այլ խօսքով` Թուրքիան Սուրիոյ, Իրաքի կամ Լիպիոյ մէջ որեւէ իրաւունք, իրաւասութիւն կամ «հոգատարութեան» պարտաւորութիւն չունի: Լոզանի դաշնագիրին հիմամբ Թուրքիոյ ժառանգ ձգուած որեւէ իսկական կամ երեւակայածին «կտակ» անարժէք եւ առ ոչինչ է:

Թուրքիան ներքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ երկրի փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ իր վարմունքին կողքին նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր կիրարկած նոր օսմանական վարդապետութեամբ կ՛ոտնահարէ Լոզանի դաշնագիրը, որ, ի դէպ, իր իսկ պահանջով եկած էր փոխարինելու Սեւրի դաշնագիրը: