ԱԱԾ-ն Բացայայտած է Տեղեկութիւններ Ստանալու Ազրպէյճանի Փորձերը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը բացայայտած է Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու կողմէ տեղեկութիւններ ստանալու փորձերը:

ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն կը յայտնեն, որ Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները կ՛օգտագործեն ՀՀ տարբեր բջջային գործարկող ընկերութիւններու հեռախօսահամարներ եւ, զանգահարելով ՀՀ քաղաքացիներուն, անկախ հետազօտութիւններ իրականացնելու պատրուակով իբր կը կատարեն ընկերային հարցախոյզեր Հայաստանի մէջ, յատկապէս` զինուած ուժերու մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ հետախուզական բնոյթի տեղեկութիւններ ստանալու համար:

 Մասնաւորապէս, նմանօրինակ հեռախօսազանգեր արձանագրուած են 094-39-75-95 եւ 093-52-72-08 բջջային հեռախօսի թիւերէն:

 ԱԱԾ-ն կոչ կ՛ընէ ՀՀ քաղաքացիներուն կապ չհաստատել, տուեալներ չփոխանցել կամ չպատասխանել կասկածելի հեռախօսազանգերուն, իսկ անկախ հետազօտութիւններու հարցումներուն պատասխանել միայն զանգահարողի ինքնութիւնը պարզելէն ետք: