ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը Պիտի Քննարկէ Արցախի Մէջ Ականազերծումը Ֆինանսաւորելու Նախագիծը

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի ներքին կարգապահութեան կանոններու հարցերով կոմիտէն օրակարգ ներառած է հարց, որ կոչ կ՛ընէ շարունակելու Ամերիկայի օգնութեան ցուցաբերումը Արցախի ականազերծման: Փոփոխութիւնը պիտի քննարկուի եւ հաւանութիւն ստանայ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի լիակատար կազմով:  Այս մասին՝ ըստ «Նիուզ»-ի՝ կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA):

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը փոփոխութիւնը պիտի ընդունի այսօր` Յուլիս 23-ին: Ան կը նախատեսէ 1,4 միլիոն տոլարի օգնութիւն Արցախին` HALO Trust ընկերութեան կողմէ կատարուող ականազերծման աշխատանքները շարունակելու համար:

ANCA-էն կը յայտնեն, որ Քոնկրէսի Ազրպէյճանի հարցով խորհուրդի համանախագահ Սթիւ Քոենի ներկայացուցած փոփոխութիւնը, որ կ՛աջակցէր Արցախի մէջ մարդասիրական ականազերծման համար տրամադրուող օգնութիւը դադրեցնելուն, օրակարգին մէջ չէ ներառուած: Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Հենրի Քուելեարի առաջարկած նման թշնամական փոփոխութիւնը ետ կանչուած է: Ատկէ բացի, յանձնաժողովը քննարկումէն հանած է Հայաստանի օգնութիւնը 20 միլիոն տոլարով մեծցնելուն աջակցող փոփոխութիւնը:

ԱՄՆ-ն Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագիրները կը ֆինանսաւորէ 1998-էն: Արցախին տրամադրուող օգնութիւնը երկար ժամանակ յարձակման կ՛ենթարկուէր Ազրպէյճանի վարչակազմին կողմէ: ANCA-ի առցանց հանդիպումներու միջոցով՝ տասնեակ հազար փաստաբաններ կապ հաստատած են Քոնկրէսին հետ` Արցախի ականազերծման հարցով աջակցութելով ԱՄՆ օգնութեան շարունակութեան: