Հայ եւ Ռուս Մասնագէտները ԱԹՍ-ի Հակազդման Մեթոտներ Կը Մշակեն

Հայաստան

Հայաաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնած է, որ այսօր մեկնարկած են հայ-ռուսական միաւորուած ՀՕՊ համակարգի ծրագրային վարժութիւնները, որոնց նպատակն է ուսումնասիրել հետախուզահարուածային անօդաչու թռչող սարքի հակազդման մեթոտները:

Ստեփանեան տեղեկացուցած է, որ վարժութիւններու ընթացքին պիտի մշակուին ԱԹՍ-ի դէմ պայքարի նոր ձեւեր` հակազդման համակարգի կատարելագործման նպատակով: 

Պարապմունքներուն եւ մշակումներուն կը մասնակցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զենիթահրթիռային համալիրներու, կործանիչ օդանաւերու, ՀՀ Զու զենիթահրետանային միջոցներու բոլոր ստորաբաժանումներու հիմնական հրամանատարները: