Այս Գիշեր Հրկիզուած է Գերմանիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանութեան Ծառայողական Ինքնաշարժը

Աշխարհ, Հայաստան

Գերմանիոյ մէջ ՀՀ Դեսպանութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, որով կը յայտնէ Յուլիս 23-ին, ժամը 00.12-ին Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ծառայողական ինքնաշարժի հրկիզման մասին:

«Գերմանիոյ դաշնային արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը,Պեռլինի երկրամասային ոստիկանութիւնը եւ ոստիկանութեան համապատասխան մարմինները պաշտօնապէս տեղեակ պահուած են:

Այժմ գերմանացի ոստիկաններն ու փորձագէտները կը կատարեն ծառայողական քննութիւն` դիտարկելով միտումնաւոր հրկիզման վարկածը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: