97 Պետական Ծառայութիւն` Մէկ Գրասենեակէ․ Հանրային Ծառայութեան Միասնական Առաջին Կեդրոնը Բացուեցաւ Երեւանի Մէջ

Հայաստան

Յուլիս 22-ին Երեւանի Վազգէն Սարգսեան 3 հասցէին մէջ բացուեցաւ Հանրային ծառայութիւններու միասնական գրասենեակը։ Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան լրագրողներուն յայտնած է, որ կեդրոնէն պիտի մատուցուին 97 պետական ծառայութիւն, որոնք յետագային պիտի ընդլայնուին:

Նախարարին խօսքով, եթէ քաղաքացին ունենայ քանի մը մարմինի հետ կապուած գործառոյթ, ապա զանոնք պիտի կարենայ իրականացնել մէկ կեդրոնի մէջ` առանց տարբեր պետական մարմիններ այցելելու:

«Այս տարածքին մօտ պիտի բացուի նաեւ Անձնագրային եւ Վիզաներու վարչութեան սպասարկման կեդրոն` ատով իսկ ընդլայնելով ծառայութիւններու թիւը, այնուհետեւ, գործարկման ընթացքին ի յայտ եկած խնդիրները շտկելէ ետք, պիտի ընդգրկենք նաեւ համայնքային ծառայութիւններն ու միասնական գրասենեակներ պիտի բանանք Հայաստանի ամբողջ տարածքին»,- ըսած է Բադասեան` աւելցնելով, նման պետական ծառայութիւններու գրասենեակ բանալուն նպատակը քաղաքացիներուն կեանքը հեշտացնելն է:

Տարածքը ունի սպասասրահ, կառատուն եւ յագեցած է դրամատնային terminal-ներով, հերթագրման սարքերով (կը գործէ նաեւ ելեկտրոնային հերթագրամ հնարաւորութիւն` Еarlyone բջջային յաւելուածով):

Հանրային ծառայութիւններու միասնական գրասենեակին մէջ քաղաքացիները դիմումները կրնան ներկայացնել իւրաքանչիւր աշխատանքային օր` 09:00-14:00 եւ 15:00-18:00-ն ժամերուն: Կախուած գրասենեակ դիմող քաղաքացիներու թիւէն` եթէ պէտք ըլլայ պիտի իրականացուի նաեւ հանգստեան օրերուն: Հանրային ծառայութիւններու միասնական գրասենեակը ստեղծուած է համաձայն Կառավարութեան 2019-2023 թուականներու գործունէութեան ծրագիրին: