Տաւուշի Կռիւներուն Ազրպէյճան Առաջին Անգամ Ուղղաթիռի Վրայ Ամրացուած Spike NLOS Հրթիռներ Կիրառած է

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ ՊՆ ցուցադրած է տաւուշեան մարտերէն ազրպէյճանական զինամթերքի մնացած բեկորներ, որոնք կը համապատասխանեն իսրայէլական արտադրութեան Spike NLOS կառավարուող հրթիռներուն: Այս մասին կը գրէ Razm.info-ն:

Ըստ կայքին` հետաքրքրութիւն կ՛առաջացնէ այն հարցը, թէ ինչ հարթակէ արձակուած են հրթիռները: Սկզբունքօրէն անոնք կրնան տեղադրուիլ եւ ցամաքային, եւ օդային հարթակներու վրայ, իսկ Ազրպէյճանի մէջ առաջին անգամ անոնք տեղադրած էին ռազմանաւերու վրայ:

2018 թուականին հարցազրոյցի մը ժամանակ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով ըսած էր, որ դասեր քաղած են 2016-ի ապրիլեան մարտերու ժամանակ իրենց ուղղաթիռը կորսնցնելէն, աշխատանքներ տարած են, եւ հիմա ուղղաթիռները մարտ վարելու համար կարիք չունին հակառակորդի ՀՕՊ-ի հասանելիութեան տարածք մտնելու եւ ատոր որպէս օրինակ յիշատակած էր Spike NLOS-ը: Իսկ վերջերս ալ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հրապարակած էր լուսանկար, ուր Մի-17 ուղղաթիռի վրայ կային ենթադրաբար Spike NLOS-ի համար նախատեսուած կախոցներ:

Միաժամանակ Ազրպէյճան երբեք չէ ցուցադրած այդ հրթիռները` տեղադրուած ցամաքային հարթակներու վրայ: Սա, ի հարկէ, չի նշանակեր, որ ցամաքային հարթակներով տարբերակներ չկան Ազրպէճանի զինանոցին մէջ, բայց խիստ հաւանական է, որ 2020-ի յուլիսեան այս մարտերուն Ազրպէյճան առաջին անգամ ուղղաթիռներէ կիրառած է Spike NLOS հրթիռներ: