Սփիւռքահայ 100 Մասնագէտ Պիտի Ընդգրկուի Հայաստանի Կառավարման Համակարգին Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Յարութիւնը Հարվըրտի համալսարանէն, Անահիտը Սորպոնէն ու Ալինը Լիվըրփուլէն՝ «իԳործ» ծրագրի հարցազրոյցներու փուլը յաղթահարելէ ետք՝ պիտի համալրեն ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան շարքերը:

Ինչպէս կը յայտնեն Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն, անոնց պէս աշխարհի լաւագույն համալսարանները աւարտած սփիւռքահայ 100 մասնագէտ, Սեպտեմբերին պիտի վերադառնան հայրենիք եւ աւելի քան 20 գերատեսչութիւններ պիտի ցնցեն միայն դրական առումով: Հայաստանի համար ռազմավարական եւ քաղաքական մեծ նշանակութիւն ունեցող «իԳործ»-ը երկրի պատմութեան մէջ առաջին նմանատիպ ծրագիրն է: