«Խնձորի Օրհնութիւն». Մոռցուած Աւանդութիւն Մը

Հայաստան, Սփիւռք

Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնը Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մին է։
Մեր Տէրը Յիսուս Քիսոտոս իր հետ առնելով Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները լեռ բարձրացաւ։ Հոն Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները երեւցան եւ Տիրոջ դէմքը այլակերպեցաւ «արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան» (Մտ 17.1-13)։ Այս տօնը շարժական կը համարուի մեր եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս այլ տօներ։ Մեր եկեղեցին ունի Սուրբ աւանդութիւններ, որոնք կը պահպանուին մեր եկեղեցական կեանքին մէջ։ Հայ ազգը աւանդութիւններ ունի, զորս մինչեւ օրս կը պահէ. զորօրինակ՝ Սուրբ Սարգիսի տօնին խմորի աւանդութիւնը, Տեառնընդառաջի տօնին կրակ վառելը եւ անոր վրայէն ցատկելը, Սուրբ Յարութեան տօնին հաւկթախաղը, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին խաղողի օրհնութիւնը։

Վարդավառի տօնին հեթանոսական կապը եկած է Աստղիկ եւ Անահիտ աստուածուհիներու պաշտամունքային ծէսերէն, որպէս Հայոց Ամանորի՝ Նաւասարդի տօնակատարութիւն։

Վարդավառի տօնին հետ կապուած են այլ աւանդութիւններ, որոնցմէ մաս մը արդէն կը կիրարկուի, իսկ մաս մը մոռցուած է։ Նոյն տօնին մասնաւոր հանդիսութիւններ կը կատարուին իրարու վրայ ջուր թափելու եւ աղաւնիներ թռցնելու, որոնք կը խորհրդանշեն Նոյին եւ անոր ընտանիքին ջրհեղեղէն ազատումը։

Վարդավառի աւանդութիւններէն էր զայն կոչել սիրահարներու օր կամ տօն։ Սիրահարներ իրարու ծաղիկներ կը նուիրէին այս տօնին առիթով, գիւղերու մէջ նոյնիսկ կենդանիներու վիզերուն ծաղկեփունջ եւ կամ իրենց գլխուն ծաղկեայ թագեր կը զետեղէին։

Նոյն տօնին շատ գեղեցիկ աւանդութիւն մը եւս կայ, որ մոռցուած է կամ տարիներէ ի վեր չէ կիրարկուած։ Այն է խնձորի օրհնութիւնը։ Ժամանակին մեր հայկական սովորութեանց համաձայն, «Մինչեւ Վարդավառ ընդունուած չէր խնձոր ուտել, իսկ մինչեւ Օգոստոս 15-ի մերձաւորագոյն կիրակին՝ խաղող ուտել»(Հ. Խառատեան, «Հայ ժողովրդական տօներ»)։ «Տնային տնտեսութեան հանրագիտարան»ի մէջ (էջ 682) կը տեսնենք ակնարկութիւն մը, որ կը յայտնէ թէ «Ընդհանրացուած սովորոյթ էր, որ մինչև Վարդավառ խնձոր չուտէին, տարուայ առաջին խնձորը ուտում էին Վարդավառին, ինչպէս առաջին խաղողը ուտում էին Վերափոխման կամ Խաղողօրհնէքի տօնին»։ Իսկ Հայկական զանազան թերթեր երբ թերթատենք, պիտի տեսնենք թէ ինչպէս Հայաստանի գիւղերու ծերերը կը վկայեն այս աւանդութեան մասին։ Հայ մեծանուն գրող Րաֆֆին իր «Սալբի» գիրքին մէջ հետեւեալը կը պատմէ Վարպետ Պետրոսին երազին մասին՝ Վարպետ Պետրոս կը տեսնէ երազ մը, որուն ընթացքին Ս. Յովհաննու Կարապետ իրեն կը մօտենայ եւ խնձոր կու տայ իսկ իր հետ գտնուող Մահտեսի Աւետիս դարձեալ խնձոր մը կու տայ եւ անոնց վրայ անուններ արձանագրուած կ՚ըլլան։ Այդ օրերուն տաղաւար տօներէն մին կը նշուէր եւ այդ երազէն կրնանք հանգիլ այն եզրակացութեան, թէ գրողը կ՚ուզէ կենդանացնել այս հայկական գեղեցիկ աւանդութիւնը։

Սիրելի ընթերցողներ,
այսօր մենք եւս պէտք է աշխատինք պահել հայկական աւանդութիւնները։ Մեր թշնամիները ամէն միջոցի կը դիմեն հայ ազգը ոչնչացնելու համար։ Հետեւաբար ըլլանք այն քաջ պահապանները, պահպանելու մեր եկեղեցական եւ ազգային տօները եւ աւանդութիւնները, որպէսզի ապրեցնենք հայ ազգը, վերակենդանացնենք մեր կեանքը ու սորվեցնենք մեր փոքրերուն մեր սրբազան եւ իւրայատուկ եկեղեցական-մշակութային սրբութիւնները։

«Գանձասար»