Հայաստան Կը Մերժէ Սպառնալիքի Լեզուն եւ Հանդէս Կու գայ Խնդրի Խաղաղ Լուծման Դիրքերէն․ ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստան

Հայաստան կը մերժէ սպառնալիքի լեզուն եւ հանդէս կու գայ խնդրի խաղաղ լուծման դիրքէն: Այս մասին ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Աննա Նաղտալեան` «Ինթերֆաքս»-ի խնդրանքով մեկնաբանելով Ատրպէյճանի ղեկավարութեան վերջին օրերուն կատարած յայտարարութիւնները խաղաղ գործընթացի վերաբերեալ:

«Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ունի երեք կողմ, որոնք հրադադարի մասին համաձայնագիր ստորագրած են: Նախապէս Ատրպէյճան բանակցութիւններ կը վարէր ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի, այնպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Այնուհետեւ Ատրպէյճանը հրաժարեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ բանակցութիւններէ: Եթէ ​​այժմ Ատրպէյճանը կը հրաժարի բանակցութիւններ վարելէ Հայաստանի հետ, ապա պարզ չէ, թէ որուն հետ այդ երկիրը պիտի խօսի ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ: Ատրպէյճանը մտադիր է վերսկսելու բանակցութիւնները ղարաբաղեան կողմին հետ, թէ՞ ոչ: Մենք չենք գիտեր:

Վերջերս Ատրպէյճան տարբեր ձեւերով կը փորձէ պատերազմի սպառնալիքներով հանդէս գալ: Եթէ ​​բանակցութիւններէն դուրս գալու սպառնալիքը այս շարքէն է, ապա ատիկա մեզի չի զարմացներ եւ չի տպաւորեր:

Հայաստան կը մերժէ սպառնալիքի լեզուն եւ հանդէս կու գայ խնդրի խաղաղ լուծման դիրքերէն»,- շեշտած է Նաղդալեան: